Այս Պահուն Կառավարութիւնը Չունի Սեւանէն Լրացուցիչ Ջուր Դուրս Բերելու Նախաձեռնութիւն - Նախարար Խաչատրեան

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804arthurkhachaderian

ԵՐԵՒԱՆ - Կառավարութիւնը այս պահու դրութեամբ, որեւէ նախաձեռնութեան ծրագիր չունի Սեւանայ լիճէն լրացուցիչ ջուր դուրս բերելու առընչութեամբ: 2 Օգոստոսին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան: «Սեւանէն մէկ կաթիլ աւելի դուրս բերելու համար Ազգային ժողովը պէտք որոշում տայ: Այսօրուան դրութեամբ կառավարութեան կողմէ ջուր դուրս բերելու նախաձեռնութիւն չէ եղած», ըսաւ նախարար Խաչատրեան:

Նախարարը յայտնեց, որ ինք՝ անձամբ, կը նախընտրէ Սեւանէն լրացուցիչ ջուր դուրս բերելու փոխարէն խորքային հորերու հարցը լուծուէր: Նախարարին համաձայն՝ անցեալ տարի Սեւանէն աւելի շատ ջուր դուրս բերուած է եւ անոր գումարը գացած է արտապիւտճէական հաշիւ. եթէ այդ գումարը օգտագործուի խորքային հորերէ ջուր հանելու գործին, առաւել նպատակայարմար կ՛ըլլայ թէ՛ Սեւանայ լիճին, թէ՛ գիւղատնտեսութեան տեսանկիւնէն:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կան հողատարածքներ, գիւղացիներ, որոնք քանի մը անգամ ջուր դուրս բերելու առիթէն օգտուած են, մէկ մասն ալ ընդհանրապէս ջուր չի ստանար, ինչ որ սակայն, չարաշահման պատճառով չէ, այլ պայմանաւորուած է անով, որ այդ հողատարածքները ծայրամասային հատուածներու մէջ են, եւ ջուրը անոնց չի հասնիր, պէտք է շատ աւելի ջուր մղել:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement