Սասնայ Ծռեր-ու Անդամներ Սերգէյ Կիւրեղեան Եւ Տիգրան Մանուկեան Ազատ Արձակուեցան

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804sasnadzrer

ԵՐԵՒԱն.- «Սասնայ Ծռեր»ու անդամներ՝ Սերգէյ Կիւրեղեանի եւ  Տիգրան Մանուկեանի խափանման միջոցը 3 Օգոստոսին փոխուեցաւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան 3 պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ: Ըստ «Նիուզ»ի՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրէն կը յայտնեն, որ անոնք  դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցան:

Նշենք, որ անոնց համար անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցին Նայիրա Զոհրապեան, Սերգէյ Բագրատեան եւ Վահէ Էնֆիաջեան, որոնք անձամբ ներկայացան դատարան:

Դատական գործին դատախազը չառարկեց խափանման միջոցը փոխելու նպատակով ներկայացուած միջնորդութեան:

Յիշեցնենք, որ ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի գրաւման փաստով 14 եւ 18 մեղադրեալներու երկու առանձին դատավարութիւն կ՛ընթանայ: Զինուած խումբի հիմնական մասը կը մեղադրուի գունդի տարածքը գրաւելու, պատանդ պահելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք կրելու եւ փոխադրելու մէջ: Երեք ոստիկաններու սպանութեան համար կը մեղադրուին խումբի անդամներէն երկուքը:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement