Գիւղատնտեսութեան Նախարարը Ընդունեց Միջազգային Զարգացման Ամերիկեան Գործակալութեան Պատուիրակութիւնը

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804USAID

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան Ուրբաթ, 3 Օգոստոսին ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ, USAID) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տեպըրա Քրիզըրի  գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Խաչատրեան մեծապէս գնահատեց Ամերիկայի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման տրամադրուող օժանդակութիւնը՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակէ ընդլայնիլ: Այնուհետեւ նախարարը ներկայացուց գիւղատնտեսութեան քաղաքականութեան նոր առաջնահերթութիւնները:

Նախարարը մասնաւորապէս շեշտեց, որ ուշադրութեան առանցքը պիտի դառնայ փոքր տնտեսութիւններու զարգացումը՝ հողերու խոշորացման, միաւորումներու ստեղծման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, դրամական միջոցներու հասանելիութեան, գիւղատնտեսական մեքենաներու թարմացման եւ ընդհանրապէս գիւղատնտեսական արժեշղթայի ամբողջական զարգացման միջոցով:

Տեպըրա Քրիզըր, իր հերթին, գոհունակութիւն յայտնեց ՄԶԳի եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միջեւ երկարամեայ պատմութիւն ունեցող համագործակցութեան համար: Անդրադառնալով  յետագայ գործակցութեան հեռանկարներուն՝ ան նշեց, որ թէեւ այս տարեվերջի աւարտին կը մօտենան «Գործընկերութիւն՝ յանուն գիւղական համայնքների զարգացման» եւ «Գիւղի զարգացման արդի նախաձեռնութիւն» ծրագիրները, սակայն կը նախատեսուի մեկնարկել նոր՝ «Գիւղատնտեսութեան զարգացում-նոր տնտեսական հնարաւորութիւն» հնգամեայ դրամաշնորհային ծրագիրը, որուն թիրախը կը դառնան գիւղական փոքր տնտեսութիւնները: Աջակցութիւնը գլխաւորաբար պիտի ուղղուի այգեգործութեան զարգացման, մասնաւորապէս նոր մշակաբոյսերու, ջերմատուներու, խաղողագործութեան, գիւղատնտեսական առաջնային արտադրութեան խթանման. կարելի է նաեւ գինիի փոքրածաւալ արտադրութեան եւ գիւղատնտեսական զբօսաշրջութեան զարգացման ֆինանսաւորումը:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement