Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Արձակուեցաւ

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018

0814kocharian

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դատարանին կողմէ բաւարարուեցաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը: Լրագրողներուն այս մասին յայտնեց Քոչարեանի պաշտպաններէն Ռուբէն Սահակեան:

«Վերաքննիչ դատարանը կը վերցնէ Քոչարեանը կալանաւորելու որոշումը՝ նկատի առնելով այն, որ Քոչարեան անձեռնմխելի է», ըսաւ Սահակեան:

«Չի կարող անձը ենթարկուել քրէական հետապնդման եւ պատասխանատուութեան իր պաշտօնավարման եւ պաշտօնավարութիւնից յետոյ, եթէ նրա գործողութիւնները բխել են իր կարգավիճակից», ըսաւ Սահակեան:

0814roupenshagianԽօսելով յետագայի իրենց քայլերուն մասին՝ պաշտպանը ըսաւ, որ իրենք կը սպասեն նախաքննական մարմինի գործողութիւններուն:

«Կարծում եմ, որ նախաքննական մարմինը կը բողոքարկի դատարանի այս որոշումը Վճռաբեկ դատարանում», ըսաւ Սահակեան:

Նշենք, որ Քննչական մարմինը Քոչարեանը ազատ արձակելու որոշումը գնահատեց իբրեւ անօրինական:

«ՀՀ Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշումը ապօրինի է, եւ Վերաքննիչ քրէական դատարանը դուրս է եկել իր լիազօրութիւնների շրջանակից: Յոյս ունենք, որ դատախազութիւնը վճռաբեկ բողոք կը ներկայացնի», յայտարարեց Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:

Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ մեղադրանքը ջնջուի անձի անձեռնմխելիութեան հիմքով՝ փաստաբան Սահակեան չբացառեց այդ կարելիութիւնը:

«Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ տեղեկութիւն ունի, թէ Ռոպերթ Քոչարեան մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ Երեքշաբթի, 14 Օգոստոսի կէսօրին, «Էրեբունի Փլազա» հիւրանոցին մէջ:

comments