ՀՅԴ Բիւրօն Ծաղիկներ Խոնարհեց Արամ Մանուկեանի Յուշարձանին

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018

0815buro

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Երեւանի մէջ այս օրերուն կ՛ընթանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի լիագումար ժողովը, որուն կը  մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավար կազմի անդամները:

Քանի մը օր տեւող եւ համահայկական ու համակուսակցական տարբեր հարցերու շուրջ քննարկումներու մէկ ընդմիջման ընթացքին, Բիւրօն ամբողջ կազմով այցելեց եւ ծաղիկներ խոնարհեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանին:

Բիւրոյի անդամները նշեցին, որ մեծ հպարտութիւն կը զգան՝ տեսնելով Երեւանի սիրտին մէջ հայոց պետականութեան հիմնադիրին արձանը, որուն կառուցումն ու վերխոյացումը տեղի ունեցած է ՀՅԴ կազմակերպութեան յատուկ ճիգերով նաեւ, ու դժուար ճանապարհ անցած է:

comments