Վարչապետ Փաշինեան Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցաւ Նախագահ Փութինի Հետ

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018

0817putin

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը:

Քրեմլինի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ քննարկուեցան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այժմէական հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանուր շրջանային միութիւններու, մասնաւորապէս՝ ՀԱՊԿի (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան) շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

comments