By Asbarez | Monday, 27 August 2018
ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոսին, վարչապետ Փաշինեան լրագրողներու հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադառնալով Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքականութիւն վերադառնալու տրամադրութեան՝ յայտնեց. «Դուք խօսում էք սցենարների մասին, որոնք ուղղակի չեն կարող լինել: Դուրս եկէք փողոց եւ մարդկանց հարցրէք, թէ նրանք ինչպէ՛ս են վերաբերւում այդ հարցին: Ես չեմ որոշումներ կայացնողը, այդ կապակցութեամբ որոշում կայացնողը ժողովուրդն է, եւ կարծում եմ, որ այդ հարցերը պէտք է ուղղէք ժողովրդին»:
Կրնա՞յ արդեօք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու համար իր հրաժարականէն ետք՝ Հանրապետական մեծամասնութիւն ունեցող խորհրդարանը վարչապետի պաշտօնին Քոչարեանը ընտրելու օգտին քուէարկել. Փաշինեան այս հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով. «Ես, անկեղծ ասած, տարբերակ չեմ տեսնում։ Ես պարզապէս ցանկացայ ցոյց տալ, որ հարկաւոր է իրավիճակը գնահատել ռէալ՝ աւելորդ բարդութիւններից խուսափելու համար: Ես կարծում եմ, որ ՀՀԿն իր ղեկավարութեամբ շարունակում է իրավիճակը ճիշդ չգնահատել»:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ նման պարագայի ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմել. վարչապետը պատասխանեց, որ յաւելեալ քայլերու անհրաժեշտութիւն չկայ՝ աւելցնելով. «Պարզապէս պէտք է մարդկանց հետ խօսել, նրանց ներկայացնել իրավիճակը, օգնել, որպէսզի նրանք իրավիճակն աւելի ռէալ գնահատեն, ոչ մի յաւելեալ քայլեր ձեռնարկելու կարիք չկայ»:
Ան աւելցուց որ ինք հանդիպումներ եւ քննարկումներ կ՛ունենայ պատգամաւորներու հետ, որպեսզի ոեւէ մեկուն մօտ որեւէ յաւելեալ մտավախութիւն գոյութիւն չունենայ:
«Մեզ համար շատ կարեւոր է, որպէսզի մեր քաղաքացիները, այդ թւում՝ Ազգային ժողովի պատգամաւորները, ներքաղաքական կեանքի բովանդակութիւնը ճիշդ ընկալեն», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու մասին իր յայտարարութեան եւ ընդգծեց, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները ինքնանպատակ չեն: Ան շեշտեց, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու դիմելը տարբերակներէն մէկն է՝ չբացառելով, որ կրնան ըլլալ նաեւ այլ տարբերակներ, որոնք այդ հարցերը օրակարգէն կը հանեն:
«Բայց որեւէ պարագայում որեւէ գործողութիւն չի կարելի դուրս դնել Սահմանադրութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան տրամաբանութիւնից», ընդգծեց վարչապետը:
Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ հանրաքուէի գաղափարը ուժեղացնելու մասին յայտարարութեան: «Այո, պէտք է լինեն հարցեր, որոնք լուծուեն հանրաքուէով, որովհետեւ մեր հանրութիւնը թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքում տեսաւ, որ ինքը կարող է որոշումներ կայացնել: Եւ հիմա ոչ թէ անընդհատ պէտք է յեղափոխութիւն անել, այլ մենք պէտք է ստեղծենք ինստիտուտներ, որոնք հանրութեանը հնարաւորութիւն կը տան կարեւորագոյն հարցերի վերաբերեալ որոշում կայացնել: Հանրաքուէի ինստիտուտը պէտք է շատ ուժեղացուի», եզրափակեց վարչապետը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ