By Asbarez | Monday, 27 August 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 24ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի այցելութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, քննարկուած են Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան ընկերատնտեսական զարգացման ու տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման աւարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսած է. «Մենք պէտք է կարողանանք հասկանալ, որ ցանկացած յաջողութիւն անիմաստ կը դառնայ, եթէ Ղարաբաղի հարցում մենք ինչ որ կորուստ ունենանք, ինչ որ բացթողում ունենանք: Եւ ճիշդ այդ առումով, Ղարաբաղը պէտք է լինի բոլորիս ուշադրութեան կենտրոնում։ Աշխարհը մենք պէտք է տեսնենք Ղարաբաղի պրիզմայով»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ