Միքայէլ Մանուկեան՝ ՀՅԴի Թեկնածու Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2018

0828mikael manougian

ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Սեպտեմբերին նախատեսուած Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴի համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան Անտառային կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան: Լուրը «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴի կարգախօսը պիտի ըլլայ «Միասին՝ յանուն Երեւանի»:

Նշենք, որ Միքայէլ Մանուկեան  նախապէս եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր:

Տակաւին երիտասարդ տարիներուն՝ Միքայէլ Մանուկեան զինուորագրուած է հայոց ազատամարտին, ապա ՀՅԴի նկատմամբ քաղաքական բռնաճնշումներու տարիներուն ակնյայտօրէն կեղծ մեղադրանքով բանտարկուած էր, ապա՝ արդարացուած:

Ան ունեցած է կուսակցական աշխոյժ աշխատանք՝ համակարգելով Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցներու գործունէութիւնը:

comments