Արոնեան Առաջնութիւնը Կիսեց Քարլսընի Եւ Քարուանայի Հետ

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2018

0829aronian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Օգոստոս 28ին աւարտեցաւ Սէյնթ Լուիսի մէջ կայացող ճատրակի 10 ամենազօրաւոր գերվարպետները մէկտեղող «Սինքուէֆիլտ» հեղինակաւոր մրցաշարքը, որուն վերջին՝ 9րդ հանգրուանին, Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի թիւ 1 վարպետ Լեւոն Արոնեան պարտութեան մատնեց ռուս Ալեքսանտր Կրիշչուքը, այս մրցաշարքին ընթացքին իր ապահոված կէտերուն գումարը հասցնելով 5.5ի եւ մնալով առաջատար դիրքին վրայ։

Հայաստանի ներկայացուցիչին կողքին, նոյնքան կէտ ապահոված են Ֆապիանու Քարուանա եւ աշխարհի ներկայ ախոյեան Մակնուս Քարլսեն, որուն հետեւանքով կազմակերպիչները որոշեցին երեքը միասնաբար բաժակակիր հռչակել։

Նշենք, որ այս մրցաշարքը մաս կը կազմէ եւ վերջինն էր տարուան ընթացքին տեղի ունեցող այն չորս մրցաշարքերուն, որոնց արդիւնքներով կ՛որոշուին «Grand Chess Tour» մրցաշարքին մասնակիցները։

Արոնեան այս մրցաշարքին արդիւնքներուն շնորհիւ, ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւած է 2րդ դիրքը (34 կէտ), միայն կէս կէտով ետ մնալով ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայէ (34.5), միաժամանակ ապահովելով Լոնտոնին մէջ Դեկտեմբեր 11-17ին տեղի ունենալիք աւարտական մրցաշարքին մասնակցելու տոմսը։ Երրորդ տեղը գրաւեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշյէ-Լակրաւ (31 կէտ), իսկ 4րդ եւ վերջին տոմսին համար պիտի պայքարին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Քարուանա եւ Ուեսլի Սօ, որոնք 26 կէտ ապահովելով՝ գրաւած են 4-5րդ դիրքերը:

Արոնեան նաեւ 75,000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն ստացաւ Սէյնթ Լուիսի մրցաշարքի կազմակեպիչներէն։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement