Արմէն Սարգսեան Եւ Արա Բաբլոյեան Քննարկեցին Երկրին Մէջ Տիրող Ներքաղաքական Իրավիճակը

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2018

0829babloyanԵՐԵՒԱՆ.- 28 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հանդիպումը: Հանդիպման նախաձեռնութիւնը եկած էր Ազգային ժողովի նախագահէն՝ երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին յայտարարութեամբ, կը տեղեկացնէ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Խորհրդարանի ղեկավարը Հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախորդ օրը տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կողմերը արձանագրեցին, որ հարցերու լուծման ուղղուած բոլոր քայլերը պէտք է ըլլան ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան, քաղաքական երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ քննարկումներու մթնոլորտի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, կարեւոր համարելով Սահմանադրութեան գերակայութեան հրամայականը՝ վերահաստատեց իր դիրքորոշումը, որ հարցերը կը լուծուին երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կողմերը կը յարգեն՝ հետեւողականօրէն կատարելով այդ պայմանաւորուածութիւններուն միտուած գործողութիւններ, ընթացքին դասեր քաղելով եւ արձանագրելով յաջողութիւններ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement