Փութին Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած Է Ռոպերթ Քոչարեանի Հետ

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2018

0901putin1

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թերթ».- Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուրբաթ, 31 Օգոստոսին,  հեռաձայնած է Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ու ջերմօրէն շնորհաւորած անոր տարեդարձը: Քոչարեան 64 տարեկան դարձաւ:

Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու յայտնեց, որ Ռուսիոյ առաջնորդը Հայաստանի երկրորդ նախագահ Քոչարեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին չէ քննարկած վերջինիս նկատմամբ Հայաստանի մէջ սկսած քրէական հետապնդման հարցը:

«Փութին ու Քոչարեան կը պահպանեն ջերմ յարաբերութիւններ, որոնք որեւէ կերպով ենթակայ չեն Հայաստանի մէջ ընթացող իրադարձութիւններու ազդեցութեան», ըսաւ Փեսքով:

comments