Հայաստան-Լիխթնշթայն՝ 2-1

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0907goal

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան, Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիխթնշթայնի հաւաքականը՝ յաղթանակով մը սկսելով Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեանց միութեան (UEFA) նախաձեռնած «Ազգերու մրցաշարք»ին:

Մրցումի 30րդ վայրկեանին, հեռահար հարուածով մը մրցումին հաշիւը բացաւ Մարքոս Փիզելին, իր կօլային փոխանցումը ստանալով Արազ Օզպիլիզէն։ Սակայն, միան 3 վայրկեան ետք, Սանտրօ Ուոլֆինկըր կրցաւ մրցումը հաւասարեցնել, ուստի՝ կիսախաղին արդիւնքը 1-1 էր։

Երկրորդ կիսախաղին, առաւելութիւնը ակնյայտօրէն Հայաստանի հաւաքականին կողմն էր. խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանի դէմ կոպիտ միջամտութեան մը իբրեւ հետեւանք, իրաւարարը «փենալթի» շնորհեց անոր, սակայն Մխիթարեանի հարուածը զսպուեցաւ բերդապահին կողմէ։

76րդ վայրկեանին, դարձեա՛լ Օզպիլիզէն կօլային փոխանցումի մը շնորհիւ, Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց յաղթանակի կօլը:

Հայաստանի յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 9ին, Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ։

Նշենք, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ «Ազգերու մրցաշարք»ը: Անոր կը մասնակցին Եւրոպայի 55 ազգային խումբերը, որոնք բաժնուած են 4 դասակարգերու, իսկ իւրաքանչիւր դասակարգ ունի 4 խմբակ։ Հայաստան մաս կը կազմէ 4րդ դասակարի 4րդ խմբակին։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement