Ռուսիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Առանձնայատուկ Նշանակութիւն Ունին. ՀՀ Վարչապետ

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0908nigol1

ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց տուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան «Զինուժ» հաղորդաշարին եւ անոր ընթացքին յայտնած, թէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ» լրատուական կայքը:

«Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ ունին, առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին, եւ մենք յոյս ունինք այդ յարաբերութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը էականօրէն բարձրացնել: Մեր յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան շատ աւելի բարձր մակարդակի, շատ աւելի ռազմավարական, շատ աւելի գործընկերային եւ շատ աւելի եղբայրական», ըսած է վարչապետը:

Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է ՀՀ զինուած ուժերու մարտունակութեան եւ արհեստագիտական յագեցուածութեան, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման գործընթացներուն եւ հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ՀԱՊԿի գործունէութեան:

«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երկիրներու ղեկավարներուն հետ առաջին իսկ շփումներուն ժամանակ, ինծի համար ակնյայտ դարձաւ, որ նոյն հարցը կայ նաեւ անոնց մօտ՝ արձանագրել խնդիրի գոյութիւնը եւ համբերատար, դաշնակցային մթնոլորտի ու տրամաբանութեան մէջ քննարկել հարցերը, որպէսզի մենք իմանանք, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունի ՀԱՊԿն Հայաստանի առջեւ, եւ ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ՀԱՊԿի եւ անոր անդամ երկիրներուն առջեւ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement