Ռուսիա Չեղեալ Համարեց Միքայէլ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Հայաստանի Հետախուզման Դիմումը

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0908michaelharutyunian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը Ռուսիայէն գրութիւն մը ստացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ հետախուզումը չեղեալ համարելու վերաբերեալ:

Միքայէլ Յարութիւնեան Մարտ 1ի քրէական գործով մեղաւոր նկատուած է, եւ անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուա կատարելիք այցի (8 Սեպտեմբերին) նախօրէին պատահած այս զարգացումը նշանակալի՛ էր։

Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբերին գրած է. «Բոլոր մարդասպանները պէտք է պատասխանատուութեան կանչուեն, թալանուածը՝ մինչեւ վերջին լումայ պէտք է վերադարձուի ժողովրդին: Ուրիշ տարբերակ՝ պարզապէս չկա՛յ»:

comments