Կը Բարեկարգուին Ախալքալաքի Ճանապարհները

By Armen Press | Wednesday, 01 July 2009

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Արմէնփրէս».- Ախալքալաքի մէջ կ՛իրականացուին բարեկարգման աշխատանքներ՝ կապուած ասֆալթապատման, հողահարթեցման եւ գիշերային լուսաւորման հետ, որոնց գումարները յատկացուած են պետութեան եւ շրջանային վարչութեան կողմէ:

Ախալքալաքի շրջանային վարչութեան տնտեսութեան եւ ենթակառոյցներու զարգացման ծառայութեան պետ Վահան Բաթոյեան յայտնած է, որ տեղական ամավարկը յատկացուցած է 150,000 լարի, որ նախատեսուած է գիւղական ճանապարհներու հողահարթեցման աշխատանքներուն համար։ Պետական ամավարկէն յատկացուած է նաեւ 250,000 լարի՝ Ախալքալաք քաղաքի ասֆալթապատման աշխատանքներուն համար: Նոյն նպատակին համար, «Մունիցիպալ զարգացման հիմնադրամ»ը նախատեսած է տրամադրել 1,400,000 լարի:

Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրով այս տարի նախատեսուած է աշխատանքներ իրականացնել Ախալքալաքէն մինչեւ Թուրքիոյ սահման հասցնող ճանապարհին վրայ։

Ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած են եւ՛ տեղացիներ, եւ՛ այդ աշխատանքները իրականացնող ընկերութիւններու մասնագէտներ:

comments