Փութին Եւ Փաշինեան Կը Շեշտեն Յարաբերութիւնները Աւելի Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

0911nigolputin

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 Սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջագիծ, անդրադարձած են երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան եւ զարգացման հեռանկարներուն՝ քաղաքական, զինուորական համակարգի, տն-տեսական, մարդասիրական եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ:

Փութինի հետ հանդիպումին, Փաշինեան յոյս յայտնած է նաեւ, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը կառուցուին ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու սկզբունքին վրայ, ինչ որ հանդիսացած է այն կիզակէտը, որուն վրայ լուսարձակները կեդրոնացուցած են ռուսական լրատուամիջոցները:

Իր խօսքին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է. «Թերեւս կարիք չկայ առանձնապէս խորանալու մեր յարաբերութիւններու բնոյթին մէջ. անոնք լրիւ առանձնայատուկ բնոյթ կը կրեն, եւ այդ մէկը դրսեւորուած է դարերու ընթացքին, այլ ոչ միայն՝ մեր եւ ձեր միացեալ աշխատանքին ընդմէջէն: Այսօրուան դրութեամբ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կերպով կը զարգանան՝ բոլոր ուղղութիւններով: Ատիկա կը վերաբերի քաղաքական յարաբերութիւններու եւ ռազմական ոլորտին, անվտանգութեան հարցերուն եւ տնտեսական համագործակցութեան:

Վստահաբար Ռուսիան առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական գործընկերներու շարքին: Մենք մեծագոյն ներդրողն ենք Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, եւ կրնանք ըսել, որ այս իմաստով՝ յարաբերութիւնները բաւական բազմազան են: Անոնց մէջ կան ուժանիւթի ոլորտը, որուն մէջ՝ ածխաջրածնային ուժանիւթը, կազի մատակարարումը, ընդ որում՝ ամէնէն ցած գինով, որով «Կազփրոմ»ը աշխարհի մէջ կազ կը վաճառէ 150 տոլարի՝ 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց, նաեւ աթոմային ուժանիւթը եւ ջերմային ուժանիւթը: Մենք մեր յարաբերութիւնները կը զարգացնենք նաեւ մետաղագործական արդիւնաբերութեան մէջ, ընդ որում՝ տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս եւ մեքենաշինութեան ոլորտին մէջ: Մէկ խօսքով՝ մենք քննարկելու հարցեր ունինք»:

Նախագահ Փութին ապա աւելցուցած է. «Յատկապէս ուրախալի է, որ նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը աւելցած է գրեթէ 30 տոկոսով, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին, աճը արդէն կազմած է 22.2 տոկոս, այսինքն, եթէ այսպէս շարունակուի, ապա մենք պիտի գերազանցենք նախորդ տարուան ցուցանիշները: Մեր համագործակցութեան ծաւալը մե՛ծ է: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելու՝ քննարկելու համար մեր ընթացիկ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ զարգացման միջնաժամկէտ հեռանկարները»:

Վարչապետ Փաշինեան, իր կարգին, ուրախութիւն յայտնած է այս հանդիպման առթիւ, որ 4 ամսուան ընթացքին արդէն իսկ երրորդն է:

«Կը կարծեմ, թէ այսպիսի պարբերականութիւնը ցուցանիշ է մեր յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթին եւ, թոյլ տուէք ըսել, նաեւ մեր անձնական յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթին: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ, ի հեճուկս որոշակի յոռետեսութեան, որ այսօր գոյութիւն ունի ե՛ւ հայաստանեան, ե՛ւ ռուսական լրատուական դաշտին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ, կը կարծեմ, թէ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան շա՛տ աշխոյժ, շա՛տ բնական կերպով, իսկ գլխաւոր խնդիրը, զոր պէտք է փորձենք լուծել, մեր յարաբերութիւններու զարգացման համար առկայ ամբողջ ներուժի բացայայտումն է:

Սակայն, ատիկա չի նշանակեր, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ չկան հարցեր. Աստուած հեռու պահէ այդպիսի իրավիճակէ, երբ յարաբերութիւններուն մէջ չըլլան հարցեր, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէ, որ յարաբերութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի: Վստահօրէ՛ն կրնամ ըսել սակայ, որ մեր յարաբերութիւնններուն մէջ չկան անլուծելի հարցեր, եւ մենք այսօր կը քննարկենք հարցերու շատ լայն շրջանակ: Վստահ եմ, որ  այդ հարցերը պիտի լուծուին՝ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու շահերուն նկատմամբ յարգանքի, մեր երկիրներու շահերուն նկատմամբ յարգանքի, մեր երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի եւ իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին հիման վրայ: Շատ ուրախ եմ, որ ռուս ներկայացուցիչները, ամէն անգամ խօսելով մեր յարաբերութիւններուն մասին՝ կ՛ընդգծեն նաեւ այս առանցքային հարցերը: Կը կարծեմ՝ գլխաւոր խնդիրը իսկապէ՛ս մեր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ամբողջ ներուժի բացայայտումն է:

Մենք, ի հարկէ, ունինք փայլուն յարաբերութիւններ, բայց կը կարծեմ, որ պէտք չէ անոնց վրայ կանգ առնել. յատկապէս մեծ ներուժ ունինք քաղաքական, տնտեսական, ռազմական համակարգի համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ եւ ընդհանրապէս մարդասիրական կապերու ամրապնդման առումով: Ի հարկէ, մենք շահագրգռուած ենք մեր յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումով եւ սերտացումով. նկատի ունիմ ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւնները, այլեւ համագործակցութիւնը ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան, ե՛ւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջանակին, եւ ընդհանրապէս միւս ոլորտներուն մէջ:

Դուք, ի հարկէ, իրաւացի՛ էք. մեր ապրանքաշրջանառութեան աճը այս տարի կազմած է աւելի քան 20 տոկոս, եւ ատիկա շատ լաւ նորութիւն է: Կը կարծեմ՝ մեր յարաբերութիւններուն մէջ լաւ նորութիւններ շա՛տ կան. միայն պէտք է ընդգծել եւ որոշումներ տալ որոշ ուղղութիւններով, եւ, ի հարկէ, պէտք է մտածել, թէ ի՛նչ ընել, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները հետագային եւս աշխոյժ կերպով զարգանան:

Անգամ մը եւս, շատ ուրախ եմ այս հանդիպման համար: Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք պահպանել այս պարբերականութիւնը, որովհետեւ ինծի համար հաճելի է յարաբերիլ ձեզի հետ՝ ո՛չ միայն միջպետական, այլ նաեւ անձնական մակարդակի վրայ», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:

Լրատուամիջոցներուն համար կարճ յայտարարութիւններէ ետք, կողմերը շարունակած են զրոյցը՝ դռնփակ:

Բանակցութիւններէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Նոր աւարտեցաւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իմ հանդիպումս: Ունեցանք արդիւնաւէտ զրոյց, որուն իբրեւ արդիւնք կրնանք արձանագրել, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները փայլո՛ւն են: Մեր յարաբերութիւններուն մէջ ո՛չ մէկ հարց կայ՝ ո՛չ մէկ ուղղութեամբ»:

Քրեմլինի հանդիպումէն ետք, վարչապետ Փաշինեան այլ հանդիպում մը ունեցած է ռուսահայ գործարարներու հետ, որոնց հետ քննարկած է ներդրումային զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ խօսած է Հայաստանի վերաբերող տարբեր խնդիրներու մասին: Ըստ վարչապետին՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նախապէս երբեք այնքան բարձր մակարդակի չեն եղած, որքան՝ այսօր:

Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման՝ դիտել տալով, որ յաճախ հարցում կ՛ուղղուի այն մասին, թէ Հայաստան այս հարցով պատրա՞ստ է փոխզիջումներու: «Ես, այդ հարցումին պատասխանելու ատեն միշտ անհրաժեշտ կը նկատեմ ընդգծել, որ նախ պէտք է Ատրպէյճանի՛ն հարցնել՝ արդեօք ան պատրա՞ստ է փոխզիջումներու, որովհետեւ այն իրավիճակին մէջ, երբ Ատրպէյճան անընդհատ սպառնալիքներ կը կարդայ Հայաստանի եւ Արցախի հասցէին, որեւէ ձեւով ըսել, թէ Հայաստան պատրաստ է փոխզիջումներու՝ պիտի նշանակէ թուլութիւն ցոյց տալ: Մենք երբե՛ք ատիկա չենք ըներ: Եւ դարձեալ կ՛ըսենք, որ Հայաստանի հետ ոեւէ մէկը չի կրնար սպառնալիքներու լեզուով խօսիլ: Մենք նման բան չե՛նք արտօներ»:

Վարչապետը նաեւ նշած է, որ ապագային Արցախը կը պատկերացնէ իբրեւ Հայաստանի մէկ մասը: «Իսկ այդ ճամբան կրնայ բաղկացած չըլլալ մէկ քայլէ, այլ՝ երկու կամ երեք քայլերէ, բայց ապագայի մեր տեսլականը միանշանակ ա՛յդ է: Եւ այստեղ որեւէ կասկած չի կրնար ըլլալ», հաստատած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հայաստան շուտով Ռուսիոյ հետ մարդասիրական առաքելութիւն պիտի իրականացնէ Սուրիոյ, յատկապէս՝ Հալէպի մէջ, շեշտելով, որ ատիկա ռազմական ոչ մէկ բաղադրիչ կը պարունակէ, այլ զուտ մարդասիրական է:

«Ծրագիրին հիմնական նպատակը օգնելն է Հալէպի հայկական համայնքին եւ Սուրիոյ: Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր երկիրները տուին այս միացեալ որոշումը, եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչները պիտի գործեն Հայաստանի դրօշին տակ», ըսած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն՝ այս առաքելութիւնը Հայաստան կը կատարէ Ռուսիոյ հետ միասին, որովհետեւ անիկա մարդասիրական առաքելութիւն է. վարչապետը յոյս յայտնած է, որ միջազգային հանրութեան նորանոր ներկայացուցիչներ եւս կը ներգրաւուին այս հոլովոյթին մէջ։

«Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այս առաքելութեան, քանի որ Սուրիոյ մէջ հայ համայնք կայ, մեծ է յատկապէս Հալէպի համայնքը: Մենք կարեւոր կը համարենք մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը: Տուեալ պարագային, խօսքը ականազերծման եւ բժշկական օգնութեան տրամադրումի մասին է», պարզած է Փաշինեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement