Դաշնակցութիւնը Արամ Մանուկեանի Արձանին Մօտէն Սկսաւ Աւագանիի Ընտրապայքարին

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

0911manoukian1

 

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴն Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը կատարեց Արամ Մանուկեանի արձանին քով: Դաշնակցութեան ցանկը գլխաւորող Միքայէլ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ քարոզարշաւի մեկնարկի վայրը պատահականօրէն չէ ընտրուած. արդարեւ, 1918ին, Արամ Մանուկեան յաջողեցաւ համախմբել երեւանցիներն ու մեր ժողովուրդը եւ յաղթանակ տանիլ Սարդարապատի հերոսամարտին: Այն ժամանակ, Երեւանը տակաւին Հայաստանի մայրաքաղաքը չէ՛ր, քանի որ Հայաստանը անկախ պետութիւն չէր:

«Մենք Արամի տեսակն ենք՝ պայքարող տեսակ, միաւորող տեսակ», ըսաւ Մանուկեան եւ վստահեցուց, որ ՀՅԴն կրնա՛յ համախմբել երեւանցիները:

Մանուկեան գիտակից է, որ կը սպասուի դժուար աշխատանք: Դաշնակցական թեկնածուները, իրենց ամբողջ խումբով, Երեւանի բոլոր շրջաններու բնակիչներուն պիտի ներկայացնեն Երեւանի իրենց տեսլականը:

Մանուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նաեւ յայտնեց, որ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը մշակուած է տարբեր ոլորտներու մէջ արհեստավարժ մասնագէտներու կողմէ. «Կարեւորը՝ աշխատանքն ու գործն է. ես հաւատացած եմ, որ ֆինանսական միջոցներ միշտ կարելի է հայթայթել թէ՛ միջազգային կառոյցների հետ արդիւնաւէտ աշխատանքի արդիւնքում, թէ՛ Սփիւռքի, համայն հայութեան ներուժի արդիւնքում: Կարեւորը՝ աշխատանքն է, կամքը եւ ցանկութիւնը», ըսաւ Մնաուկեան:

«Մենք հաւատացած ենք, որ յաղթելու ենք ընտրութիւններում», աւելցուց ան՝ նշելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ Դաշնակցութեան վարկանիշը:

«Երեւանի խնդիրների լուծման ձեւերը շատ անգամ կարող են նման լինել իրար, ընտրութիւններից յետոյ կը համադրենք բոլորի ծրագրերը, որտեղ խելացի բան լինի՝ յաղթանակից յետոյ կը ներառենք մեր ծրագրում: Ամէն քաղաքապետ իր յետեւից թողել է իր հետքը, ե՛ւ լաւ իմաստով, ե՛ւ վատ իմաստով: Տարօն Մարգարեանը էսթետիկ իմաստով բաւականին գործ է արել», յայտնեց Դաշնակցութեան թեկնածուն:

«ՀՀ երկրորդ նախագահին հետ համագործակցութիւնը չբացառելու Դաշնակցութեան կեցուածքը արդեօք կրնա՞յ վնասել կուսակցութեան վարկանիշին» հարցումին պատասխանելով՝ Մանուկեան յայտնեց. «Դաշնակցութիւնը նոր չէ, որ պէտք է ներկայանայ ժողովրդին, երեւանցուն… Դաշնակցութիւնը 128 տարուայ պատմութիւն ունի եւ մէկ անգամ ամաչելու տեղ չունի, այդ թւում՝ վերջին գործընթացներում եւս»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement