Վարչապետ Փաշինեան Ոստիկանութեան Կը Հրահանգէ Զինաթափել Օլիկարգները

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

55E30914-F8A0-4401-B585-01FBA98E43BF_w1023_r1_s

ԵՐԵՒԱՆ.- Մայրաքաղաքի Դաւթաշէն շրջանին մէջ տեղի ունեցած «Իմ Քայլը» դաշինքի քարոզչական հանրահաւաքին մասնակցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցի գաղտնալսումներուն, զորս ան որակեց իբրեւ «դաւադրութիւն եւ յանցագործութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան նկատմամբ»:

Փաշինեան յանձնարարեց ԱԱԾին ու Ոստիկանութեան՝ «յայտնաբերել դաւադրութիւն կազմակերպողներին եւ ենթարկել ամենախիստ պատասխանատուութեան»:

Քարոզարշաւի իր ելոյթին մէջ Փաշինեան նաեւ յայտարարեց. «Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, դուք որոշել էք մարտահրաւէր նետել Հայաստանի ժողովրդին: Դէ մարտահրաւէրը տեսէք: Մենք ունենք Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ Ոստիկանութիւն եւ ես պահանջում եմ երկու ծառայութիւններից երկու ժամուայ ընթացքում կարգուկանոն հաստատել ամբողջ հանրապետութեան տարածքում»:

Նոյն հանարահաւաքի ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ Սերժ Սարգսեանի ու Ռոպերթ Քոչարեանի հարստութեան մասին եւ պայման դրաւ անոնց կամաւոր վերադարձնել դրամները: Սաշիկ Սարգսեան, ըստ վարչապետին, դրամատան մէջ ունի 30 միլիոն տոլար: Փաշինեան խորհուրդ տուաւ Սարգսեանին՝ կամաւոր կերպով այդ փողերը պիւտճէ փոխանցել:

Եթէ վարչապետին որեւէ բան պատահի, օլիգարկները եւ իրենց ընտանիքները տուներէն կը հանեն եւ ինքնադատաստանի կ՛ենթարկեն, հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց Փաշինեան:

«Նրանք չեն կարող չհասկանալ որ ճիշդ է, ես ապահովում եմ իրենց դէպի բանտ գնալը, ես նաեւ իրենց անվտանգութեան միակ երաշխաւորն եմ, որովհետեւ եթէ ինձ հետ բան պատահի, նրանց աւելի վատ բան կը պատահի ժողովրդի կատարմամբ», ըսաւ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement