Հրապարակուած Է ԱԱԾ Տնօրէնին Ու ՅՔԾ Պետին Հեռաձայնային Զրոյցի Ձայնագրութիւնը

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

0912vanersian

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին, Հայաստանի հասարակութեան հրամցուեցաւ անօրինական, գայթակղալի հրապարակում մը, որ մեծ աղմուկ ստեղծեց հանրապետութեան մէջ:

Արդարեւ,  «Եութուպ»ի վրայ հրապարակուած է ձայնագրութիւնը Ազգային անվտանգութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային քանի մը զրոյցներու:

Ըստ ձայնագրութեան՝ խօսակցութիւնը Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու, «Մարտ 1ի» գործին, Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու, ՀԱՊԿ քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը կալանաւորելու վտանգին, փաստաբան Վահէ Գրիգորեանի կողմէ սպասուող գրառման, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ այլոց մասին է:

Ձայնագրութեան մէջ Սասուն Խաչատրեան Վանեցեանին կը պատմէ, թէ ինչպէս արձագանգած է Քոչարեան, երբ տեսած է Միքայէլ Յարութիւնեանի հրամանը:

«Ինձ դատաւորը զանգեց, ով որ պիտի կալանքը տայ, մի քիչ վախեցած է, ասացի՝ նայի ողջ գործը, նայի, դուխով: Ասաց՝ պարոն Վանեցեան, մի հատ հիմքերը նայեմ, ասի՝ նայի հիմքերը, կը զանգես, կալանքը ուզես-չուզես պիտի տաս: Վոբշեմ էդ կը փակի», կ՛ըսէ Վանեցեան:

Ըստ ձայնագրութեան՝ Սասուն Խաչատրեան նաեւ կը յայտնէ, որ Եուրի Խաչատուրովն ալ կանչած են, «որպէսզի փակեն»:

«Խաչատուրովի հետ գործ չունենք, խայտառակ կը լինենք, չփակէք, սպասէք, պրծնի», կ՛ըսէ Վանեցեան:

Հրապարակուած ձայնագրութեան համաձայն՝ Սասուն Խաչատրեան նաեւ կը յայտնէ, որ փաստաբան Վահէ Գրիգորեան գրառում կը կատարէ՝ բոլոր հարցերուն պատասխանելով. «Վահէն կը խօսայ որպէս փորձագէտ»:

Արթուր Վանեցեան, ըստ այս հրապարակուած ձայնագրութեան, անգամ մը եւս կը յորդորէ Եուրի Խաչատուրովի հարցով ուշադիր ըլլալ. «Ախպեր, խնդրում եմ, Խաչատուրովինը ուշադիր նայէք, չնայած վարչապետն ասում է՝ փակէք, բայց ռուսները…»:

«Ինքը իրաւունք չունէր պաշտպանութեան նախարարի հրամանի հիման վրայ զօրքն օգտագործել: Այդ ժամանակ մենակ նախագահն ունէր նման հրաման ստորագրել», կ՛ըսէ Սասուն Խաչատրեան:

Ուժային կառոյցներու երկու պաշտօնատարները հաստատած են, որ հեռաձայնային զրոյցը տեղի ունեցած է: Վանեցեան այս խօսակցութիւնը ունեցած է Ժընեւ եղած ժամանակ:

«Ուզում եմ հաստատել, որ այդ խօսակցութիւնը մեր մասնակցութեամբ է, եւ շատ տարօրինակ է, որ գաղտնալսուել է ԱԱԾ տնօրէնի եւ ՀՔԾ պետի խօսակցութիւնը: Դա մտահոգիչ փաստ է, որի հետ կապուած կը լինի մանրակրկիտ քննութիւն, եւ կը պարզուի ձայնագրութեան աղբիւրը: Գլխաւոր դատախազութիւնում էլ արդէն յարուցուել է քրէական գործ եւ առաջիկայում կ՛իմանանք մանրամասներ», նշեց Վանեցեան, Երեքշաբթի օր Խաչատրեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Խօսակցութիւնը եղած է Քոչարեանի վերաբերեալ դատարանի յայտնի որոշումը կայացնելու օրը:

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ դատարանի առջեւ կանգնած էին հանրապետութեան երկրորդ նախագահը եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը, պէտք է 100 տոկոս հանոզուած լինենք, որ այդ գործունէութեան մէջ թերութիւն չկայ: Նման քննարկում մեր միջեւ կայացել է եւ եղել է զուտ իրաւաբանական քննարկում», ըսաւ Վանեցեան:

Վանեցեանը յայտնեց խօսակցութեան նախապատմութիւնը. ինք ստացած է հաղորդագրութիւն՝ փորձագիտական կարծիք ձերբակալութեան հիմքերու հետ կապուած, եւ այդ հաղորդագրութիւնը ուղարկած է ՀՔԾ պետին, պարզաբանում ստանալու համար:

«Ուզում եմ եւս մէկ անգամ շեշտել՝ մեր պայքարը շարունակելու ենք, եւ մեզ չի խանգարելու ոչ մի բան, որեւէ խոչընդոտ չի կարող լինել մեր գործում: Հայաստանից թալանուած գումարները վերադարձուելու են, մարդասպանները ձերբակալուելու են», ըսաւ ան:

«Ռուսների հետ հազիւ ենք բարիշել, Խաչատուրովի խափանման միջոց ընտրէք ստորագրութեամբ չհեռանալը» խօսքը պարզաբանելով, Վանեցեան յայտնած է, որ «այո, գաղտնիք չէ, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ որոշ շրջանակներ սկսել էին տարածել, որ Հայաստանում իրավիճակ է փոխուել, նոր իշխանութիւնները փոխում են արտաքին քաղաքական վեկտորը: Այդ մտավախութիւնը կար մեր ռուս գործընկերների մօտ, որը հերքուել է»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement