Քալիֆորնիոյ Պատուիրակութեան Մէկ Մասին Շփումները՝ Արցախի Մէջ

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

0914Pago calif

Բակօ Սահակեան (աջին) Փորթանթինոյի եւ Սինանեանի հետ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած Քալիֆորնիոյ քաղաքական եւ գործարար բարձրաստիճան պատուիրակութեան անդամներէն մաս մը, Սեպտեմբեր 13ին այցելեց նաեւ Արցախի Հանրապետութիւն։

Այս այցի ծիրին մէջ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան:

Ընթացքին, քննարկուած են Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

0914stepanagerd calif

Պահ մը Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումէն

Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Քալիֆորնիոյ հետ կապերու խորացումն ու ընդլայնումը յատուկ տեղ կը գրաւեն Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ, գոհունակութեամբ նշելով շարք մը ոլորտներու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները։

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ այլ պաշտօնատարներ:

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան եւս ընդունած է նոյն պատուիրակութեան այցելութիւնը։ Ողջունելով հիւրերը՝ ան ըսած է, որ ուրախ է արձանագրելու, թէ Արցախի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ աշխուժօրէն կը քն-նարկուին գործարար կապեր ստեղծելու եւ զարգացնելու հարցերը:

«Քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, կարծում եմ, պէտք է ամրապնդուեն տնտեսական կապերով: Այս առումով, մենք ունենք լուրջ ներուժ՝ ինչպէս մասնագէտների շարունակական վերապատրաստման, ամերիկեան առաջատար փորձի ուսումնասիրութեան, այնպէս էլ արցախեան ապրանքները Քալիֆորնիայի բազմամիլիոնանոց շուկայ արտահանելու հնարաւորութիւնների առումով», ըսած է պետական նախարարը:

0914portantino PM

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Փորթանթինօ իր կարգին ըսած է, որ կան լուրջ նախադրեալներ Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները գործնական քայլերու վերածելու համար: Իր կարգին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Սինանեան ըսած է, որ Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացման համար լաւ հիմք կրնան հանդիսանալ Ամերիկայի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին կապերը։ Ան նշած է նաեւ, որ Արցախեան շարժման առթիւ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով՝ Հոկտեմբեր 2ին տեղի պիտի ունենայ քաղաքին մէջ Արցախ փողոցի պաշտօնական բացումը:

Սոյն հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան:

Նոյն օրը, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւս ընդունած է  պատուիրակութիւնը՝ դրուատելով Արցախի անկախութեան սատարելու ուղղուած Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ բանաձեւի վաւերացումը, համոզում յայտնելով, որ անիկա ամուր հիմքեր ապահոված է Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Քննարկուած են ընթացիկ նախագիծերը եւ Արցախի ու Քալիֆորնիոյ միջեւ՝ տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան ու առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ գործնական ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները: Կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակած են Քալիֆորնիոյ մէջ Արցախի ճանաչելիութեան խթանման ուղղուած քայլերու մասին:

Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւս ընդունած է այս պատուրակութեան անդամներուն այցը։ Ողջունելով հիւրերը՝ խորհրդարանին ղեկավարը կարեւոր համարած է Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ կապերը եւ բարձր գնահատած Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին համատեղ որոշումը՝ ի պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:

«Համոզուած եմ, որ այդ հռչակագիրն ամրապնդելու լաւագոյն միջոցը նմանատիպ փոխադարձ այցելութիւններն ու իրար հետ համագործակցելու նոր ուղիների որոնումն է», ընդգծած է Ղուլեան:

Իր կարգին, Փորթանթինօ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ համագործակցութեան շուրջ իրենց նախանշած ուղղութիւնները: Ան ըսած է, որ մինչ Հայաստանի մէջ աշխատանքները կեդրոնացած պիտի ըլլան արդի արհեստագիտութեան ոլորտին վրայ՝ Արցախի մէջ շեշտը պիտի դրուի գիւղատնտեսութեան զարգացման վրայ:

0914Port Ghoulian

Պատուիրակութեան անդամները Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ

Կողմերը նաեւ քննարկած են արտաքին քաղաքական իրավիճակն ու միջխորհրդարանական համագործակցութեան վերաբերող նիւթեր: Հանդիպման մասնակցած է խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ՝ Ռոբերտ Աւետիսեան:

Մէկ օր առաջ, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւս ընդունած էր աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած նշեալ պատուիրակութիւնը: Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեան ըսած է, որ հանդիպման ընթացքին Գրիգորեան ներկայացուցած է մայրաքաղաքի առօրեան, բնակչութեան խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները: Ան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդած է պատերազմի արհաւիրքներու վերացման ուղղութեամբ համայն հայութեան կողմէ ցուցաբերուած հսկայական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ երկրի իշխանութիւններուն միջամտութեամբ՝ քանդուած քաղաքի վերականգման ու բարեկարգման մեծածաւալ աշխատանքներուն վերաբերեալ:

0914portantino FM

Պահ մը Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ հանդիպումէն

«Մենք հիւրերին ասել ենք, որ Ստեփանակերտն օրէցօր գեղեցկանում, բարգաւաճում եւ զարգանում է: Արցախ ժամանած հիւրերը երկրի մասին առաջին տպաւորութիւնը ստանում են Ստեփանակերտից», ըսած է փոխքաղաքապետը:

Իր կարգին, Զարեհ Սինանեան պատուիրակութեան անունով շնոր-հակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ վս-

տահեցուցած է, որ ներկայ այցով արդէն իսկ կ՛ուրուագծուին յետագայ համագործակցութեան ուղիները:

«Սինանեանը կարեւորել է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք շփումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնել որեւէ օգտակար գործ ձեռնարկել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի համար: Ինքն առաջին անգամ Արցախում եղել է պատերազմի ծանր տարիներին, երբ ռմբակոծւում, հրետակոծւում էին Շուշին, Ստեփանակերտը, հայկական միւս բնակավայրերը:  Այժմ, զարմացել է տեսնելով Ստեփանակերտն այսքա՛ն շէն ու ծաղկուն, իսկ բնակիչները՝ ուրախ», աւելցուցած է Յակոբեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement