Արցախի Հարցով Յառաջխաղացքի Կլիմայ Պէտք Է Ստեղծեն Կողմերը. Զախարովա

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

0914zakh

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Սեպտեմբեր 13ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անգամ մը եւս անդրադարձած է Արցախի հիմնահարցին:

Երբ իրմէ խնդրուած է մեկնաբանել, թէ ներկայիս ի՛նչ կը կատարուի Արցախի հակամարտութեան կապակցութեամբ՝ հաշուի առնելով, որ այդ գծով Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը վերջերս քննարկումներ կատարած են Ռուսիոյ նախագահին հետ, Զախարովա ըսած է. «Անշուշտ կը վերլուծենք բոլոր խօսակցութիւնները, եւ կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այդ հարցով Ռուսիոյ դիրքորոշումը անփոփո՛խ է։ Արցախի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով՝ հակամարտութեան կողմերու համաձայնութեամբ: Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿ (Մինսկի խմբակի) համանախագահ, պատրաստ  է շարունակելու կողմերուն միջնորդական աջակցութեան ցուցաբերումը՝ փոխզիջումի հասնելու համար: Իսկ յառաջխաղացքի համար կլիմայ պէտք ստեղծեն հակամարտութեա՛ն կողմերը»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement