Փաշինեան–Մաքրոն Հանդիպումը Նոր Որակ Կը Հաղորդէ Հայաստան-Ֆրանսա Յարաբերութեանց

By Asbarez | Friday, 21 September 2018

0915macron

ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էլիզէեան պալատին մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Դիմաւորման արարողութենէն, ձեռքսեղմումէն եւ արարողակարգային լուսանկարահանումէն ետք երկու երկիրներու ղեկավարները բանակցութիւն վարեցին աշխատանքային ճաշին ընթացքին:

Մաքրոն ողջունեց վարչապետ Փաշինեանը եւ յայտնեց, որ անոր այցը կը նպաստէ ու նոր թափ կը հաղորդէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու յառաջ մղման: Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ: Նշելով, որ ընդամէնը մէկ ամիս ետք ինք պետական այցութեամբ պիտի մեկնի Հայաստան՝ Մաքրոն յայտնեց, թէ վստահ է, որ  Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովը Երեւանի մէջ պիտի իրականանայ բարձր մակարդակով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ իրենց արդէն երկրորդ հանդիպումը կը վկայէ այն մասին, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները ապահով ձեռքերու մէջ են եւ պիտի շարունակուին ընդլայնիլ եւ խորանալ՝ ի շահ երկու երկիրներուն:

20915macron1

Փաշինեան ընդգծեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր, անցած տարիները յատկանշուած են հայ-ֆրանսական կապերու խորացումով եւ յայտնեց, թէ համողուած է, որ անոնք կը շարունակեն վերընթաց զարգանալ բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւն, միջխորհրդարանական սերտ կապեր, ապակեդրոնացուած աշխոյժ շփումներ, տնտեսական համագործակցութիւն, մշակութային, կրթական, գիտական, առողջապահական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծրաիրներու իրականացում, բաւական ընդգրկուն իրաւապայմանագրային դաշտ:

«Համոզուած եմ, որ մեր հանդիպումը նոր որակ կը հաղորդի մեր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններին, որոնք հիմնուած են դարաւոր պատմական բարեկամութեան վրայ», ըսաւ Փաշինեան: Վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի իրականացումը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անիկա Երեւանի մէջ կայացող կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է: Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն լիակատար յանձնառութիւնը գագաթնաժողովի յաջողութիւնը ապահովելու հարցին գծով:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ եւ կարեւոր նկատեցին անոր կարգաւորումը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի ծիրին մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement