Կարապետեան Մարդասպան Սաֆարովի Քրոջ Դիմաց Յաղթանակը Նուիրեց Նահատակ Մարգարեանի Յիշատակին

By Asbarez | Sunday, 23 September 2018

0918Garine Garapetyan

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խառն մենամարտի Հայաստանի «Արմֆայթինկ» դաշնակցութեան արհեստավարժ մարզիկ Կարինէ Կարապետեան, Թիֆլիսի մէջ մասնակցեցաւ միջազգային մրցաշարքի մը ու յաղթանակ արձանագրեց ատրպէյճանցի Ռենա Սաֆարովայի դէմ։ Վերջինս քոյրն է մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի, որ 2004ին Հունգարիոյ մէջ դաժանաբար սպաննեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը։

Այս յաղթանակէն ետք, Կարինէ Կարապետեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակեց յաղթանակի լուսանկարը ու մակագրեց հետեւեալը. «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին»։

Յիշեցնենք, որ Ռամիլ Սաֆարով Փետրուար 2004ին, ՆԱԹՕի դասընթացքներու օրերուն, դաժանաբար կացինահարած էր Գուրգէն Մարգարեանը։ Ան հունգարական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան՝ առանց ներումի իրաւունքի։ Սակայն, 31 Օգոստոս 2012ին, Սաֆարով վերադարձուեցաւ Ատրպէյճանին, ուր անմիջապէս արժանացաւ ներումի եւ հերոսի բարձր կոչումի՝ ստանալով 8 տարուան աշխատավարձք։ Նոյն օրը, պաշտօնական Երեւանը կասեցուց Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement