Էրիք Էսրաիլեան Եւ Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Տնօրէնը Հայաստան Կ՛այցելեն

By Asbarez | Sunday, 23 September 2018

947618

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան Հայաստան ժամանեցին մեծ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի մերձաւոր բարեկամ, ամերիկահայ յայտնի բժիշկ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Տէյվիտ Կեֆըն բժշկական բաժանմունքի համաղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, տոքթ. Էրիկ Էսրաիլեան եւ Քալիֆոնիոյ համալսարանի (UCLA) տնօրէն, կենսաբան, ակադեմիկոս Ճին Պլաք:

Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Էսրաիլեան եւ Պլաք հանդիպումներ պիտի ունենան Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Անոնք նաեւ պիտի այցելեն տարբեր կրթական հաստատութիւններ, պիտի քննարկեն համատեղ կրթական եւ բարեգործական ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները:

comments