Թշնամիի Փամփուշտով Նահատակուած Է Պայմանագրային Զինուոր Հայկազ Մաթեւոսեան

By Asbarez | Sunday, 23 September 2018

0920marthyr

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Սեպտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին, Հայկական բանակի զօրամասերէն մէկուն պաշտպանած տարածքին ուղղութեամբ թշնամիի արձակած կրակոցէն՝ վիզէն վիրաւորուեցաւ պայմանագրային զինուոր Հայկազ Բաբկէնի Մաթեւոսեան:

Վիրաւոր զինուորը հիւանդանոց փոխադրուելու ընթացքին մահացաւ:

Մաթեւոսեան ծնած էր 1980ին եւ 2011էն ի վեր կը ծառայէր Հայոց բանակին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն յայտնեց զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

comments