Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Յաղթեց Իմ Քայլը Դաշինքը

By Asbarez | Tuesday, 25 September 2018

0925haygmaroutian

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան Կիրակի օր Երեւանի մէջ քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն կարճ ժամանակ ետք հրապարակեց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան նախնական տուեալները: Ըստ այդմ, քուէարկութեան  մասնակցած է 370,323 ընտրող, կամ ընտրողներու ընդհանուր թիւին՝ 848,343ին՝ 43.65 առ հարիւրը:

Նախնական տուեալներուն համաձայն՝ նախքան թերթերու տպուիլը, իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի ստացած քուէներուն պատկերը հետեւեալն էր. «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 229,409 քուէ (80.78 առ հարիւր), «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն՝ 19,989 քուէ (7.04 առ հարիւր), «Լոյս» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 14,395 քուէ (5.07 առ հարիւր), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ 4769 քուէ (1.68 առ հարիւր), «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւն՝ 4070 քուէ (1.43 առ հարիւր), «Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւն՝ 3030 քուէ (1.07 առ հարիւր), «Երեւանցիներ» դաշինք՝ 2433 քուէ (0.86 առ հարիւր), «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն՝ 2110 քուէ (0.74 առ հարիւր), «Երեւանի Հանրութիւն» դաշինք՝ 2017 քուէ (0.71 առ հարիւր), «Ժողովրդավարական Ուղի» կուսակցութիւն՝ 652 քուէ (0.23 առ հարիւր), Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն՝ 581 քուէ (0.20 առ հարիւր), «Հայք» կուսակցութիւն՝ 537 քուէ (0.19 առ հարիւր):

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահին համաձայն՝ Երեւանի աւագանիի նախորդ՝ 14 Մայիս 2017ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հետ համեմատած՝ այս մէկուն մասնակցած են 25,097 առաւել ընտրողներ: Նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցած էին 345,226 անձեր, որ կը կազմէր ընտրողներու ընդհանուր թիւին 40.99 առ հարիւրը:

Ըստ ընտրական օրէնքին՝ Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդին մաս կազմելու համար կուսակցութիւնները պէտք է հաւաքած ըլլան ձայներու առնուազն 6 առ հարիւրը, իսկ դաշինքներու պարագային՝ 8 առ հարիւրը: Հետեւաբար, ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն վրայ հիմնուելով՝ Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կը ներկայացուին ամէնէն շատ քուէ հաւաքած երեք ուժերը՝ նկատի ունենալով որ քաղաքական միւս ուժերը անցման համեմատութիւններուն չեն մօտեցած:

0925imkayleՀայաստանի ընտրական օրէնքին համաձայն՝ ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովը ընտրութեան օրէն 7 օր ետք, հիմք առնելով ընտրական կեդրոններու քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնները, վերստին ստուգուած քուէհամարը, արդիւնքներուն վերաբերեալ ընդունած որոշումները, պաշտօնական տեղեկագիր կը պատրասէ արդիւնքներուն մասին: Հետեւաբար, Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները կը հրապարակուին 30 Սեպտեմբերին:

Իսկ «Երեւան քաղաքի տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի 17րդ յօդուածի 6րդ կէտին համաձայն՝ արտակարգ ընտրութենէն ետք, նորընտիր խորհուրդը նիստի կը հրաւիրուի ընտրութեան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումէն 10 օր ետք: Առ այդ, նորընտիր խորհուրդի առաջին նիստը տեղի կ՛ունենայ 10 Հոկտեմբերին:

«Երեւան քաղաքի տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի 44րդ յօդուածի երկրորդ կէտին համաձայն՝ եթէ ընտրութիւններուն արդիւնքով, մասնակցող կուսակցութիւններէն մէկը ստացած է խորհուրդի անդամներուն 50ը եւ աւելին գրաւելու իրաւունք, ապա այդ կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկին առաջին անունը օրէնքի ուժով կը նկատուի ընտրուած քաղաքապետ: Հետեւաբար, նկատի ունենալով որ «Իմ քայլը» դաշինքը հաւաքած է քուէարկութեան մասնակցած ընտրողներու ձայներուն 81.06 տոկոսը, դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան 10 Հոկտեմբերին նախատեսուած նիստին, առանց քուէարկութեան, օրէնքի ուժով կը ստանձնէ Երեւանի քաղաքապետի պարտականութիւնները:

«Շնորհակալ եմ վստահութեան համար: Պատրաստ եմ ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն րոպէ, ամէն վայրկեան ծառայել ձեզ, որպէսզի մեր Երեւանը միասին դարձնենք մեր երազանքների քաղաքը»: Այս մասին «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ ջան, սիրելի՛ երեւանցիներ ջան, հարազատնե՛ր ջան, այս յաղթանակը մեր թիմի յաղթանակը չէ: Սա միայն ու միայն մեր ժողովրդի յաղթանակն է, որն ապացուցեց ամբողջ աշխարհին, որ միասնական եւ վճռական է ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու ճանապարհին: Հպարտ եմ, որ ձեզանից մէկն եմ, երջանիկ եմ, որ ձեր մի մասնիկն եմ», գրած է Մարութեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement