Փաշինեան Եւ Ալիեւ Պայմանաւորուած Են Սահմանագիծի Լարումը Նուազեցնելու Վերաբերեալ

By Asbarez | Wednesday, 03 October 2018

0929aliev

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ, Ուրբաթ, 28  Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուեցաւ սահմանագիծի լարումը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Այս մասին վարչապետը յայտնեց «ֆէյսպուք»էն ուղիղ եթերի ատեն:

«Այս անգամ որոշակի առարկայական խօսակցութիւն ստացուեց եւ դրա արդիւնքում մենք մի քանի կարեւոր կէտեր արձանագրեցինք: Պայմանաւորուեցինք, որ մեր պաշտպանութեան նախարարներին յանձնարարութիւն կը տանք, որ վերջիններս քայլեր ձեռնարկեն սահմանագծում լարումն իջեցնելու եւ սահմանային միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Կարծում եմ, որ սա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն է», յայտնեց Փաշինեան:

Այս պայմանաւորուածութեան մասին տեղեակ պահուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:

«Յանձնարարական եւ համապատասխան հրաման եմ տուել մեր զինուած ուժերին եւ նախորդ գիշերը, կարող եմ ասել, եղել է իմ վարչապետ ընտրուելուց յետոյ ամենախաղաղ գիշերը», նշեց  վարչապետը:

Փաշինեան ընդգծեց, որ խօսակցութեան ընթացքին արձանագրուեցան նաեւ բանակցային գործընթացի նկատմամբ հաւատարմութիւնը:

«Մենք պայմանաւորուել ենք օպերատիւ (գործնական-Խմբ.) կապի կոմունիկացիա (հաղորդակցութիւն-Խմբ.) ստեղծել, եւ իսկ թէ այն ինչպիսին կը լինի տեխնիկական առումով պայմանաւորուածութիւն ձեռք չենք բերել», ընդգծեց Փածինեան՝ աւելցնելով, որ բովանդակային որեւէ քննարկում չէ եղած:

«Ես ուրախ եմ եւ յոյս ունեմ, որ այդ պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուեն, քանի որ  դրանց պահպանումը չափազանց կարեւոր է», ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ, նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ հայ- ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:

0929putin

«Կարող ենք արձանագրել, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններն իսկապէս նոր մակարդակի վրայ են բարձրացել եւ, իմ կարծիքով, երբեք այսքան բարձր մակարդակի վրայ չեն եղել, ինչպէս հիմա է», «Ֆեյսբուք»ի ուղիղ եթերի ատեն նշեց Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ իրենք ունին լիարժէք փոխըմբռնում:

«Սա չի նշանակում, որ մենք բոլոր հարցերի վերաբերեալ համակարծիք ենք, մեր յարաբերութիւններում անլուծելի խնդիրներ չկան, եւ ձեւաւորուած է հրաշալի աշխատանքային մթնոլորտ», ընդգծեց ան:

Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն: «Նիւ Եորքում կարճ շփումներ եմ ունեցել ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի, պետքարտուղար Մայք Պոմպէոյի հետ, եւ այդ շփումների հիմնական թեման եղել է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնների զարգացման յետագայ հնարաւոր ուղղութիւնները, ժամանակացոյցը», յայտնեց Փաշինեան:

comments