Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդը Քննարկեց Երեւանի Հռչակագիրի Նախագիծը

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2018

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի մէջ 7 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու  Մշտական խորհուրդի 105րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան լիիրաւ, ընկերակից եւ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործընկեր կառոյցներու  շուրջ հարիւր բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մշտական խորհուրդի նիստին բացումը կատարած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը, որ ներկայացուցած է վեհաժողովին ընդառաջ քարտուղարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքները, կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական, դիւանագիտական եւ քաղաքական հարթակներուն վրայ  գործունէութիւնը: Ելոյթ ունեցած է նաեւ կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժաք Քրապալը:

Ողջունելով Մշտական խորհուրդի նիստի մասնակիցները` կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը` ուղղուած ճգնաժամային իրադրութիւններու մէջ յայտնուած երկիրներուն աջակցելուն եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու խրախուսման:

«Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնն ու մասնակցութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկները` այդ առնչութեամբ ընդգծելով Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդներու ցանցին մէջ իրականացուած խորհրդատուութիւնը «Միասին ապրելու ֆրանքոֆոն կոչի» մշակման գործին մէջ», նշած է ան:

Անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները անդրադարձած են նաեւ կազմակերպութեան նախարարական 35րդ համաժողովի եւ 17րդ վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ օրակարգին առնչուող տարբեր հարցերուն: Քննարկուած են Երեւանի հռչակագիրի, որոշումներու եւ վեհաժողովի այլ փաստաթուղթերու նախագիծերը:

Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամներու նիստին հաստատուած է 17րդ վեհաժողովին ուղղուած` կարգավիճակի փոփոխութեան կամ անդամակցութեան դիմումներու վերաբերեալ յատուկ աշխատանքային խումբի զեկուցումը:

comments