Խորհրդարանական Ուժերուն Միջեւ Համաձայնութեան Պարագային ՀՅԴն Դէմ Պիտի Չըլլայ Դեկտեմբերին Ընտրութիւններու Իրականացման

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2018

seyranyan

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդարանական մնացած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան պարագային դէմ պիտի չըլլայ Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման, յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեան:

Անոր կարծիքով` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կայանան Ընտրական օրենսգրքի փոփոխութենէն ետք: «Պէտք է լինի նաեւ ոստիկանութեան ենթակայութեան փոփոխութիւն, ոստիկանութիւնը պէտք է լինի կառավարութեան ենթակայութեան տակ:  Ընտրութիւնները կարող են լինել լեգիտիմ, բայց պակաս կարեւոր չէ ընտրութիւնների նկատմամբ հանրային ընդհանուր վստահութեան ձեւաւորումը: Դրա համար բոլոր խմբակցութիւնների համար պէտք է ապահովել հաւասար մրցակցային պայմաններ: Եթէ այդ բոլոր կէտերը կատարուեն, եթէ դրանք ամփոփուեն դեկտեմբերին, ընտրութիւնները թող լինեն դեկտեմբերին, թէ` յունուարին, թող լինեն յունուարին: Եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը երկխօսութեան եւ բանակցութիւնների արդիւնքում որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է լինեն Դեկտեմբերին, ՀՅԴն չի խոչընդոտի», ըսած է  Սէյրանեան:

Ան վստահեցուցած է, որ այդ պարագային իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց խոստումին եւ չեն առաջադրեր վարչապետի թեկնածու:

Հարցին` եթէ իրենց նշած կէտերը չապահովուին, նորէն վարչապետի թեկնածու չե՞ն առաջադրեր, Սէյրանեան պատասխանած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու տարբերակը արդէն կայ կառավարութեան մօտ, եւ տրամաբանական է, որ քննարկումներ ըլլան:

«եթէ ճանապարհային քարտէզը չլինի, բայց բանակցութիւնների արդիւնքում բոլոր ուժերը յանգեն նրան, որ առանց դրա էլ ընտրութիւնները պէտք է անցկացուեն դեկտեմբերին, մենք կը համաձայնենք», նշած է Սէյրանեան:

Ան ըսած է, որ եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ դրուի ընտրութիւններուն մասին նոր օրէնքը, սակայն ընդհանուր համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին յստակ այսինչ օրը, ՀՅԴն պիտի չխոչընդոտէ: Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած յուշագիրի ստորագրման` Սէյրանեան նշած է, որ եթէ քաղաքական ուժերը յանգին անոր, որ յուշագիրի ստորագրումը ճիշդ է, իրենք ալ պիտի համաձայնին:

Սէյրանեան նաեւ նշած է, որ ինք կը յարգէ ժողովուրդի մէկ մասին տեսակէտը, սակայն ատիկա չի տարածեր բոլորին վրայ: Եթէ ժողովուրդը կը կարծէ, որ բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը խորհրդարանական ընտրութիւններ չիրականացնելն է, ուստի իրենք համաձայն են, որ ատիկ ըլլայ նոյնիսկ վաղը:

comments