Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնապէս Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1017nikol

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, ուղիղ եթերով յայտարարեց վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելու իր որոշումը:

«Այսօր ես հրաժարական եմ տալիս, եւ նպատակը ոչ թէ ձեր առաջ ստանձնած  պատասխանատուութիւնից փախչելն է, այլ հակառակը՝ յեղափոխութիւնը ա-ւարտին հասցնելն ու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելն է», ըսաւ Փաշինեան՝ ներկայացնելով յետագայ ճանապարհային քարտէսը:

Վարչապետի հրաժարականէն ետք Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան պիտի ընդունի կառավարութեան հրաժարականը, 14 օրուան ընթացքին Ազգային ժողովը երկու անգամ պիտի հաւաքուի վարչապետ ընտրելու նպատակով, սակայն այդ ընտրութիւնը պիտի չիրականանայ, ապա Ազգային ժողովը պիտի լուծուի եւ պիտի նշանակուի արտահերթ խորհրդարանական  ընտրութիւններ: Այդ ընթացքին վարչապետը պիտի շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնները:

«Եթէ ժողովուրդը վստահութեան քուէ տայ, ես կը վերընտրուեմ վարչապետի պաշտօնում», ըսաւ Փաշինեան:

Փաշինեան նշեց, որ եթէ խորհրդարանական ուժերը վարչապետի այլ թեկնածու առաջադրեն պատրաստ է որեւէ զարգացումի, սակայն ինք վստահ է, որ ժողովուրդի փափաքին դիմաց որեւէ ուժ չի կրնար կանգնիլ: Խորհրդարանական քաղաքական ուժերը՝ ըստ Փաշինեանի, արդէն յայտարարած են, որ վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրեն:

«Այս հրաժարականը ֆորմալ (պաշտօնական-Խմբ.) բնոյթ է կրում, բայց ամփոփում է յեղափոխութեան մի փուլը, թեւակոխելով մէկ այլ շրջան», ըսաւ Փաշինեան՝ ներողութիւն խնդրելով բոլոր անոնցմէ, որոնց անցեալ հինգ ամիսներու իր պաշտօնավարութեան ընթացքին  հիասթափեցուցած է, կամ յոյսերը չէ կրցած արդարացնել:

Փաշինեան, ժողվուրդին ուղղած իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ. «Ուզում եմ Ազգային ժողովի նախկին մեծամասնութեան ներկայացուցիչներին ասել, որ մենք, այո՛ քննադատել ենք եւ քննադատում ենք ձեզ, բայց սա չի նշանակում, թէ Հայաստանում թշնամիներ ենք փնտռում կամ պիտի փնտռենք:

Իմ ողջ քաղաքական գործունէութեան ընթացքում ասել եմ, հիմա էլ ուզում եմ կրկնել. Հայաստանում, հայութեան շրջանում թշնամիներ չեմ ունեցել, չունեմ եւ չեմ ունենայ:

Եւ ուզում եմ քաղաքական բոլոր ուժերին յաջողութիւն մաղթել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններում եւ հաստատել, որ մեր կառավարութիւնը երաշխաւորելու է ընտրութիւններում ժողովրդի ազատ կամարտայայտութիւնը»:

Նշենք, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement