Գրաւեալ Որոշ Տարածքներու Վերադարձը Անխուսափելի Է. Միլզ

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1017ambmills

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ «EVN Report»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացառեց Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշ մասերու վերադարձին»:

Դեսպանը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը վերջապէս պէտք է որոշէ, թէ ո՞ր լուծման ինք պատրաստ է:

«Զարմացած էի, երբ նկատեցի, որ հայերուն մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ է գրաւեալ տարածքներու վերադարձին՝ որպէս բանակցային գործընթացին մէկ մասը: Կը զարմանամ, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ չեն քննարկուիր ընդունելի լուծման տարբերակները կամ հաւանական փոխզիջումները: Մեր կառավարութեան երկար տարիներու ընկալումը այն էր, որ այդ տարածքները գրաւուած էին յետագային «հող՝ խաղաղութեան դիմաց» օգտագործուելու համար: Իսկապէս շատ զարմացած էի յայտնաբերելով, որ այդ տարբերակը այլեւս որեւէ կողմնակից չունի», ըսաւ Միլզ:

Ան նշեց, որ 2016ի Ապրիլեան պատերազմը աւելիով սրեց հայերուն ընկալումները, «սակայն դաժան իրականութիւնը այն է, որ որեւէ կարգաւորում պիտի պահանջէ գրաւեալ տարածքներու որոշ մասերու վերադարձ», եզրակացուց դեսպանը:

 

ՄԻԼԶ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՒԱՐՏԷ ՈՉ-ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ. ՀԱՅ ԴԱՏ

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Անդրադառնալով «գրաւեալ» տարածքներուն առնուազն մէկ մասը վերադարձնելու անխուսափելիութեան մասին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի կատարած յայտարարութեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան Հոկտեմբեր 16ին ցաւ յայտնեց, որ դեսպանը Հայաստանի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտէ Արցախի մասին ոչ-շրջահայեաց յայտարարութիւններով:

«Դժբախտաբար անոր պաշտօնավարութիւնը յատկանշուեցաւ փոփոխական նպատակներով եւ կորսուած կարելիութիւններով: «Չափէն աւելի շատ խրատներ եւ չափազանց քիչ գործողութիւններ» նախադասութեամբ կարելի է բնորոշել դեսպանին պաշտօնավարութիւնը, որուն ընթացքին կարելի չեղաւ իրականացնել կրկնակի հարկումէ խուսափելու մասին համաձայնագիր մը Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ», ըսաւ Համբարեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement