ՀՅԴն Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

By Asbarez | Monday, 22 October 2018


1017armenrusstamian

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը չի պատրաստուիր Հայաստանի վարչապետի թեկնածու առաջադրելու, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ եօթը հոգիով ներկայացուած ըլլալու պայմաններուն մէջ անտրամաբանական է նման առաջադրումը, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«ՀՅԴն վաղուց է ասել, որ եօթ հոգով վարչապետի թեկնածու առաջադրելը անիմաստ զբաղմունք է: Տրամաբանութիւն պէտք է գոյութիւն ունենայ, եօթ հոգով ինչպէ՞ս կարող ենք առաջադրել: Մենք 2017ի ընտրութիւններից յետոյ երբեք չէինք էլ պատրաստուել վարչապետի թեկնածու առաջադրել», ըսաւ Ռուստամեան:

Անդրադառնալով իրենց տեսակէտը յուշագիրով ամրագրելու մասին հարցումին՝ Ռուստամեան յայտնեց, թէ ինքնանպատակ յուշագիրներ ստորագրելու խնդիր չեն տեսներ: Ան վստահեցուց, որ դրած են հինգ հարցեր, որոնց շուրջ սկսած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իրենց համագործակցութիւնը:

«Մենք կողմնակից ենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայանան նորմալ պայմաններում, այնպէս, ինչպէս ժողովուրդը որոշի», աւելցուց Ռուստամեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement