Ժամանակն Է, Որ Հայաստան Հիմնադրամը Դառնայ 21րդ Դարու Կառոյց. Արմէն Սարգսեան

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1019armen-haykak

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ, թէ հակառակ անոր, որ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը հիմնուած է 20րդ դարուն՝ պէտք է դառնայ 21րդ դարու հիմնարկ: Այս մասին նախագահը յայտնեց Հայաստան հիմնադրամի նորընտիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ուղեկցութեամբ հիմնադրամ կատարած այցելութեան ընթացքին:

«Հիմնադրամը մեծ արժէք է մեր ամբողջ ժողովուրդին համար. անիկա հիմնուած է Հանրապետութեան եւ մեր ժողովուրդին համար ծանրագոյն պայմաններուն մէջ եւ ունեցած է առաքելութիւն, զոր մեծ փառքով կատարած է: Այցելեցէ՛ք Հայաստանի մէջ զանազան վայրեր, Երեւանէն ուղեւորուեցէ՛ք դէպի Ստեփանակերտ, կը տեսնէք, թէ ի՛նչ բարձր որակի ճանապարհ կառուցուած է: Բազմաթիւ նման յաջող ծրագիրներ կան», ըսաւ Արմէն Սարգսեան, որ նաեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է:

1019armen-haykak1

Նախագահը կարեւոր համարեց հիմնադրամի անցեալին վերանայումը, յաջողութիւններու եւ թերութիւններու գնահատումը:

«21րդ դարուն, Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ գործընթացները արագ կ՛ընթանան: Կը հաւատամ, որ հիմնադրամը նոր աւիւնով՝ մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնի: Կը հաւատամ, որ անցած ուղին, յաջողութիւնները, նաեւ դժուարութիւններն ու անյաջողութիւնները դաս պիտի ըլլան, հիմնադրամը փիւնիկի նման դարձեալ պիտի յառնի եւ յառաջ պիտի տանի իր հոյակապ առաքելութիւնը», եզրափակեց նախագահը, որ Մայիս ամիսէն ի վեր իր կուտակուած աշխատավարձը նուիրած է Հայաստան Հիմնադրամին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement