Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարները Անմիջական Կապի Դրութիւն Կը Հաստատեն

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1019aliev

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին ու Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ անմիջական կապի դրութիւն հաստատուած է:

«Ադրբեջանական կողմի հետ, ինչպէս եւ պայմանաւորուել ենք, հաստատուել է յուսալի օպերատիւ կապ, եւ կարող ենք ասել, որ փոխադարձաբար ցանկացած տեղեկատուութիւն կէս ժամուայ ընթացքում կը հասնի Ադրբեջանի նախագահին եւ, եթէ իրենց կողմից լինի՝ ինձ: Այնպէս չէ, որ հրադադարի ամէն խախտման դէպքում կապի մէջ ենք մտնում. ըստ անհրաժեշտութեան», Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

Փաշինեան նշեց, որ սահմանին իրավիճակը աննախադէպ հանգիստ է՝ շնորհիւ Տուշանպէի մէջ իր եւ Ատրպէյճանի առաջնորդին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

«Ընդհանուր առմամբ, հայ-ադրբեջանական սահմանին եւ ղարաբաղա-ադրբեջանական շփման գծում իրավիճակը աննախադէպ հանգիստ է, եւ դա, ինչ-որ առումով Դուշանբէի համաձայնութիւնների արդիւնք է», նշեց վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement