Փաշինեան. Քաղաքական Դաւադրութիւններու Պարագային Ժողովուրդը Պիտի Ըսէ Իր Խօսքը

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

2D592DD3-6F96-486A-BA51-A388BAC24392_cx0_cy8_cw0_w1023_r1_s

Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան, յայտարաեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ քաղաքական ուժերը այդ գործընթացը խոչընդոտող որեւէ քայլի չեն դիմեր:

«Վաղը կը լրանայ հրաժարականէս ետք օրէնքով սահմանուած առաջին ժամկէտը. արտակարգ ընտրութիւններուն համար մէկ շաբաթ եւս անհրաժեշտ է: Գործող սահմանադրութեամբ խոր-հրդարանի լուծարման այլ տարբերակ չկայ: Կամ պէտք է երթայինք սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբով եւ առանց վարչապետի հրաժարականին լուծէինք խորհրդարանը, կամ պէտք է դիմէինք այն ձեւին, զոր այժմ որդեգրած ենք: Որոշեցինք սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբան չառնել: Զգացի, որ պիտի ըլլան մեկնաբանութիւններ, թէ երկու ձեռքով կառչած եմ վարչապետի աթոռին», ըսաւ Փաշինեան՝ նշելով, որ չէր կրնար նման խօսակցութիւններու առիթ տալ:

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ բոլոր խմբակցութիւնները յայտարարած են վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու իրենց որոշումը:

«Հարց կը ծագի, թէ արդեօք կրնա՞ն դաւադրութիւններ պատահիլ: Տեսականօրէն այո՝ կարելի է: Եթէ այդ մէկը պատահի, ապա ժողովուրդը իր խօսքը պիտի ըսէ: Այդ պարագային կը դիմեմ ժողովուրդին, կոչ կ՛ուղղեմ հաւաքուելու եւ իր խօսքը ըսելու: Այնպէս որ, հետեւէցէք իրադարձութիւններուն: Մնանք մնայուն կապի մէջ, որ հարցերուն վերաբերեալ արագ արձագանգենք եւ միասին կայացնենք որոշումերը: Մէկ բան յստակ է՝ պէտք է երթանք արտակարգ ընտրութիւններու, եւ յոյս ունիմ, որ քաղաքական ուժերը անոր հակասող քայլի չեն դիմեր», աւելցուց Փաշինեան:

comments