Պոլթըն Հայաստանը Որակեց Տարածաշրջանին Մէջ Ուաշինկթընի Կարեւոր Բարեկամը

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

1027bolton

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն Հոկտեմբեր 26ին, Հայաստանը որակեց՝ իբրեւ տարածաշրջանին մէջ Ուաշինկթընի կարեւոր բարեկամը:

Ան այս հաստատումը կա-տարեց Հայաստան իր այցելութեան մասին «Թու-իթըր»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ։

«Հիանալի այցելութիւն կատարեցի Հայաստան՝ կարեւոր բարեկամ երկիր մը տարածաշրջանին մէջ: Ես բաւականութիւն ստացայ արդիւնաւէտ խօսակցութիւններէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին եւ իր ազգային ապահովութեան խմբակին հետ», գրած է Պոլթըն։

comments