Հայաստանի Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխումներու Ընդունումը Մէկ Ձայնի Տարբերութեամբ Ձախողեցաւ

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

1030parliament

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովին մէջ երկրորդ անգամ գումարուած արտահերթ նիստին ընթացքին  Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու փաթեթը դարձեալ չստացաւ բաւարար ձայներ:

«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ բարեփոխումներու փաթեթին կողմ քուէարկեցին 62 պատգամաւորներ, դէմ՝ 2 պատգամաւորեր, ձեռնպահ պատգամաւոր չկար: Փաթեթի ընդունման համար անհրաժեշտ էին 63 կողմ ձայներ:

Ընտրական օրէնքի բարեփոխումներուն թեր քուէարկեցին «Ծառուկեան» խմբակցութեան բոլոր 31 պատգամաւորները, «Ելք» խմբակցութեան 9 պատգամաւորները, ՀՅԴի պատգամաւորները, բացի Ռոմիկ Մանուկեանէն եւ Անդրանիկ Կարապետեանէն, որոնք բացակայ էին նիստէն, թեր քուէարկեցին նաեւ այն պատգամաւորները, որոնք լքած են Հանրապետական խմբակցութիւնը եւ Հանրապետական խմբակցութեան այն պատգամաւորները, որոնք միացած էին արտակարգ ընտրութիւնները Դեկտեմբերին իրականացնելու ստորագրահաւաքին:

Դէմ քուէարկեցին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան եւ Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան:

29 Հոկտեմբերին արտահերթ նիստ գումարելու եւ բարեփոխումներու փաթեթը դարձեալ Ազգային ժողովի օրակարգի վրայ դնելու համար ստորագրահաւաք իրականացուցած էին «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու պատգամաւորները: Ստորագրահաւաքին միացած էին երկու խմբակցութիւններու 35 պատգամաւորներ:

Նախապէս՝ 22 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին Ընտրական  օրինագիրքին մէջ փոփոխութիւններու փաթեթը բաւարար ձայներ չէր ստացած: Դեմ էին ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները: Օրէնսգիրքին ընդունման համար անհրաժեշտ էին 63 կողմ ձայներ, սակայն անիկա ստացաւ 56 կողմ ձայներ:

Ընտրական օրէնսգիրքի առաջարկուող բարեփոխումներով ռեյտինգային ընտրակարգէն անցում կը կատարուի համամասնական ընտրակարգի, խորհրդարանի անցողիկ շեմը կը նուազի մէկ տոկոսով եւ կը կրճատուի ընտրական գրաւը: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ խորհրդարան կ՛անցնին չորս քաղաքական ուժեր:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement