Մոսկուա Պոլթընի Յայտարարութիւնները Կը Նկատէ Հայաստանի Ներքին Գործերուն Միջամտութիւն

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

1030bolton rus

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնները։

Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլթընի յայտարարութիւնները համեմատած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ուաշինկթըն Հայաստանի մէջ աջակցած է որոշ խմբակներու:

«Աւելի մեծ անքաղաքավարութեան, որ տարբեր չէ ներքին գործերուն միջամտելէ, կարելի չէ հանդիպիլ: Պարզուեցաւ, որ այդպէս չէ», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Անոր մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Պոլթըն պահանջած է Հայաստանէն, որ հրաժարի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ «պատմական կաղապարներ»էն, առանց թաքցնելու, որ ակնարկը Ռուսիոյ հետ Հայաստանի աւանդական բարեկամութեան մասին է:

«Պոլթըն նաեւ յայտարարած է, թէ կ՛ակնկալուի, որ (Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ) Փաշինեան ընտրութիւններէն ետք նախաձեռնող քայլերու դիմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար: Բնականաբար, չէ մոռցուած նաեւ գովազդել ամերիկեան զէնքերը, զորս Հայաստան պէտք է ձեռք բերէ ռուսականի փոխարէն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

comments