Նիկոլ Փաշինեան. Ճան Պոլթըն Կամ Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Խօսիլ Իմ Անունով

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

1030nigol

ԵՐԵՒԱն.- Շաբաթ, 27 Հոկտեմբերին, լրագրողները վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին ուղղեցին հետեւեալ հարցումը. «Յայտարարած էք, որ Մարտ 1ի գործը ամբողջութեամբ բացայայտուած է. այդ պարագային, որո՞նք են մարդոց վրայ կրակողները»: Փաշինեան պատասխանեց. «Չեմ կրնար ըսել, հապա՞ անմեղութեան կանխավարկածը: Դուք բոլորդ այդ անմեղութեան կանխավարկածի ջերմեռանդ պաշտպաններն էք»:

Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու կարելիութեան վերաբերեալ Փաշինեան նշեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուի շահաւէտ առաջարկ՝ կը քննենք»:

Անդրադառնալով Ճան Պոլթընի այն յայտարարութեան, թէ խոր-հրդարանական ընտրութիւններէն ետք որոշիչ քայլեր պիտի առնուին Արցախի հարցով՝ Փաշինեան նշեց. «Ճոն Պոլթըն կամ ոեւէ մէկը չի կրնար իմ անունով խօսիլ»:

Փաշինեան վերահաստատեց իր նախկին տեսակէտը. «Ես ըսած եմ, թէ պիտի չտրուի որոշում մը, որ ընդունելի չըլլայ հայ ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին ու Արցախի իշխանութիւններուն համար: Ոմանք մինի փոթորիկներ կը կազմակերպեն, բայց  եկէք ընդունինք, որ հարցին համընդհանուր լուծման առումով կը հասկնանք, որ որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին  համար: Ես չեմ սեպեր, որ Ղարաբաղի հարցը լուծողը որեւէ կառավարութիւն է, կամ ես, կամ ոեւէ վարչապետ: Մի՛ սեփականաշնորհէք, ես Ղարաբաղի հարցը լուծողը չեմ: Ղարաբաղի հարցը լուծողը հայ ժողովուրդն է, Արցախի ժողովուրդը, նաեւ՝ Սփիւռքը»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement