Ստեփանակերտը Կը Մերժէ Բոլորը Բոլորին Դիմաց Գերիներու Փոխանակման Պաքուի Առաջարկը

By Asbarez | Thursday, 08 November 2018

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը մերժէ Պաքուի՝ երկու կողմերուն մօտ գտնուող գերիներու եւ ձերբակալուած անձերու «բոլորը բոլորին դիմաց» փոխանակելու առաջարկը:

Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութեան» աշխատակից Նաիրա Բուլղադարեանի հետ զրոյցին ընթացքին պնդեց, որ Արցախի իշխանութիւնները չեն կրնար հաւասար հարթութեան վրայ նկատել այն ատրպէյճանցիները, որոնք հայկական սահմաններէն ներս լուրջ յանցագործութիւն կատարած են՝ եւ հայ հասարակ քաղաքացիները, որոնք սահմանը անցած են պատահմամբ:

«Ի հարկէ համաձայն չենք, որ ընդհանրապէս այդ կատեգորիաները (դասակարգումները-Խմբ.) մէկը միւսի հետ փոխարինելու, որովհետեւ դրանք անփոխարինելի են: Ահաբեկիչն ու մարդասպանը պիտի իր պատիժը կրի, եւ նրան չենք փոխանակելու մենք: Ինչ վերաբերում է այլ կատեգորիաներին, նախ եւ առաջ էդպիսի դիմում պէտք է լինի, եւ մենք պիտի տեսնենք, թէ ում կարելի է ում հետ փոխել՝ եթէ կան համահաւասար կատեգորիաներ: Չեմ խօսում յանցագործների մասին եւ դիվերսանտների եւ ահաբեկիչների»:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն երեք հայեր կը պահուին՝ Արսէն Բաղդասարեանը, Կարէն Ղազարեանը եւ Զաւէն Կարապետեանը, զորս պաշտօնական Պաքուն կը համարէ «խափանարար»՝ մեղադրելով պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ: Անոնք Ատրպէյճանի մէջ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած են: Հայկական կողմը կը հերքէ ատրպէյճանիցներու պնդումները:

Հայկական կողմը եւս կը պահէ երեք ատրպէյճանցիներ: Շահպազ Կուլիեւ եւ Տիլհամ Ասկերով ձերբակալուել են 2014ին, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Ղարաբաղեան դատարանը Ասկերովը ցմահ բանտարկութեան դատապարտած է, իսկ Կուլիեւը՝ 22 տարուան բանտարկութեան:

Հայկական կողմը գտնուող երրորդ ատրպէյճանցին Էլնուր Հուսէյնզատէն է, որ ձերբակալուած է անցեալ տարի Լեռնային Ղարաբաղի Թալիշ գիւղի ուղղութեամբ: Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը պնդէ, որ 1995ին ծնած Հուսէյնզատէ ատրպեճանական բանակի զինուոր է եւ ձերբակալուած է զինուիրական գործողութեան ընթացքին:

Բաբայեան կը շեշտէ, որ Արցախ դէմ չէ գերիներու փոխանակման, բայց ո՛չ Պաքուի առաջարկած տարբերակով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement