Նիկոլ Փաշինեան Եւ Բակօ Սահակեան Քննարկեցին Պաշտպանութեան Վերաբերող Հարցեր

By Asbarez | Thursday, 08 November 2018

1106nikolartsakh1

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 5 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ քննարկեցին պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի ռազմական փոխգործակցութեան, սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ու այս ուղղութիւններուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար  Զօհրապ Մնացականեան, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեան, Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարները եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Նշենք, որ Բակօ Սահակեան եւ Նիկոլ Փաշինեան նախերդ օրը՝ 4 Նոյեմբերին, այցելած էին Արցախի արեւելեան սահմանագիծի շարք մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակած է Արցախէն նկար մը՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ զինուոներու հետ: Ան նկարին տակ գրած է. «Եւ մեր անունն է՝ հայկական բանակ»:

«Ակտիւօրէն քննարկում ենք սննդի ապահովման հետ կապուած խնդիրները եւ յոյս ունենք, որ այն մեխանիզմները, որոնք առաջարկւում են, կ՛իրականացնենք պիլոտային ծրագրի միջոցով՝ հասկանալու համար, թէ որքանով են դրանք արդիւնաւէտ: Պարզ է, որ գործող համակարգը ոչ ոքի չի գոհացնում՝ ո՛չ հրամանատարական կազմին, ո՛չ զինուորներին, ո՛չ ծնողներին: Նաեւ կենցաղային հարցերի լուծման գործում հրամանատարութեան ներգրաւուածութիւնը նրանց անպատեհօրէն շեղում է զուտ մարտական պատրաստուածութեան խնդիրների լուծումից, եւ մենք խնդիր ունենք, որպէսզի զինուորականութիւնը զբաղուի բացառապէս զինուորական գործով, իսկ կենցաղային ապահովման հարցերում այդքան շատ ժամանակ եւ էներգիա (ուժ-Խմբ,) չծախսի», նշեց Նիկոլ Փաշինեան՝ դիրքերը պաշտպանող զինուորներու հետ հանդիպելէ ետք:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement