Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Պատերազմի Լեզուով

By Asbarez | Thursday, 08 November 2018

1107azr

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահը 5 Նոյեմբերին դարձեալ յայտարարեց իր երկրին ռազմական ուժը հզօրացնելու եւ Արցախի հարցը որեւէ միջոցաւ, ներառեալ՝ պատերազմով «կարգաւորել»ու պատրաստակամութեան մասին:

«Մենք ոչ մէկ տարբերակ կը բացառենք», Աղտամ շրջանին մէջ յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել մեր ռազմական կարողութիւնները, եւ կը կարծեմ, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ բանակցութիւններու կարեւորագոյն գործօններէն մէկը, որովհետեւ, դժբախտաբար, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները բոլորովին կ՛անտեսուին: Մենք պիտի հասնինք մեր փափաքած արդիւնքին։ Մենք կը պահանջենք, որ մեր պատմական հողերը ազատագրուին բռնագրաւողներէն եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Սեպտեմբերին, Տուշանպէի մէջ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, որուն ընթացքին կողմերը համաձայնած էին նուազեցնել լարուածութիւնը եւ ուղիղ կապ հաստատել, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը խուսափէր ռազմատենչ յայտարարութիւններէ:

Սակայն, Ալիեւ Երկուշաբթի օր դարձալ պնդեց, թէ Արցախի տագնապի լուծման բոլոր տարբերակները սեղանի վրայ կը մնան՝ յայտարարելով. «Յոյս ունիմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, ճիշդ վերլուծելով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ամենամօտ առիթով դուրս կը բերեն իրենց բռնագրաւող զօրքերը մեր հողերէն: Հակառակ պարագային, մենք պատրաստ ենք որեւէ ընտրանքի դիմելու: Բազմիցս նշած եմ եւ կը կրկնեմ, որ մենք ապագային եւս պիտի մեկուսացնենք Հայաստանը տարածաշրջանային բոլոր նախագիծերէն եւ, օգտագործելով բոլոր միջոցները, պիտի վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Առանց արտայայտուելու Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ դէմ առ դէմ հանդիպման կարելիութեան մասին՝ Ալիեւ պնդեց. «Հայաստանի նոր իշխանութիւնները պէտք չէ կրկնեն նախորդ վարչակազմի սխալները: Անոնք պէտք է բանակցութիւններու միջոցով դուրս բերեն բռնագրաւող զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն եւ առիթ տան Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն վերադառնալու իրենց հարազատ ու պատմական բնակավայրերը։ Որքան շուտ հասկնան, այդքան լաւ պիտի ըլլայ թէ՛ իրենց եւ թէ տարածաշրջանին համար: Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ըսել, թէ մենք մտադիր չենք համակերպելու այս իրավիճակին հետ»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement