11 Քաղաքական Ուժեր Հայաստանի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Յայտ Ներկայացուցած Են

By Asbarez | Friday, 16 November 2018

954554

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուելու համար ԿԸՅը (Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ) դիմած են 11 քաղաքական ուժեր: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ԿԸՅի նախագահի տեղակալ Արմէն Սմբատեան:

Արմէն Սմբատեան յայտնեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար առաջադրման յայտ ներկայացուցած են «Իմ Քայլը» եւ «Մենք» դաշինքները «Բարգաւաճ Հայաստան», «ՀՅԴ», «Լուսաւոր Հայաստան», «ՀՀ», «Ազգային Առաջընթաց», «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ», «Սասնայ Ծռեր», «Օրինաց Երկիր» եւ «Քաղաքացու Որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնները:

Արմէն Սմբատեան վստահեցուց, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պատրաստ է 9 Դեկտեմբերին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատշաճ մակարդակով իրականացման:

comments