ԵԱՀԿը Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Ունենայ

By Asbarez | Friday, 16 November 2018

1115observers

ԵՐԵՒԱՆ.- Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան Երեքշաբթի օր ընդունեց ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ)՝ 9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեան հիմնական կազմը:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն կը տեղեկացնեն, որ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները՝ Տիգրան Մուկուչեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին:

Բարձր գնահատելով դիտորդական առաքելութիւններու դերն ու նշանակութիւնը ընտրական օրէնսդրութեան կատարելագործման հարցին մէջ՝ Տիգրան Մուկուչեան ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ իրականացած ընտրութիւններու կազմակերպման եւ նախապատրաստական աշխատանքները:

ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար դեսպան Ուրշուլա Կաչեք, ներկայացնելով դիտորդական առաքելութեան մեթոտաբանութիւնը՝ նշեց, որ կը նախատեսուի կազմակերպել լայնածաւալ դիտորդական առաքելութիւն՝ բաղկացած հիմնական կազմէն (13 անդամ), շուրջ երկու տասնեակ երկարաժամկէտ դիտորդներէ եւ քուէարկութեան օրուան հոլովոյթները դիտարկող երկու հարիւրէ առաւել կարճաժամկէտ դիտորդներէ:

Դեսպան Ուրշուլա Կաչեք տեղեկացուց, որ աւելի ուշ դիտորդական առաքելութեան պիտի միանան ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդները:

comments