«Իմ Քայլը» Դաշինքի Փաշինեանի Գլխաւորած Ընտրական Ցանկը Կը Բաղկանայ 183 Անձերէ

By Asbarez | Friday, 16 November 2018

1114ruzanarakelian

ԵՐԵՒԱՆ.- «Իմ Քայլը» դաշինքը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուց նախընտրական ամբողջական իր ցանկը: «Իմ Քայլը» դաշինքին մաս կը կազմեն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Առաքելութիւն» կուսակցութիւնները: Բացի երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, ցանկին մէջ ընդգրկուած են անկուսակցական թեկնածուներ՝ լրագրողներ, մարզիկներ եւ ուրիշներ:

«Իմ Քայլ»ի համամասնական ցանկին մէջ ընդգրկուած են 183 անձեր: Ցանկը կը գլխաւորէ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Առաջին տասնեակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեան, Լենա Նազարեան, Տիգրան Աւինեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ալեն Սիմոնեան, Սասուն Միքայէլեան, Լիլիթ Մակունց, Սուրէն Պապիկեան եւ Զարուհի Բաթոյեան:

Նշենք, թէ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կը գրաւէ 14րդ տեղը:

comments