Մենք Հողի Եւ Հայի Համար Կռուող Կուսակցութիւն Ենք՝ Արդէն 128 Տարի. Արթուր Խաչատրեան

By Asbarez | Friday, 16 November 2018

1115arf

Ինչո՞ւ քաղաքացին պէտք է քուէարկ՝ Դաշնակցութեան օգտին. այս հարցումին «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանին «Հարցեր՝ Դաշնակցականներին» հաղորդաշարին ընթացքին պատասխանեց Շիրակի նախկին մարզպետ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան:

«Քաղաքացին Դաշնակցութեան օգտին պէտք է քուէարկէ, որովհետեւ մենք հանդէս կու գանք քանի մը հիմնարար սկզբունքներով: Առաջինը հայապահպանումն է. մենք հողի եւ հայի համար կռուող կուսակցութիւն ենք՝ արդէն 128 տարի: Մենք այս պետականութեան, մեր իրաւունքներու դրան կապած պահապան շուներու նման ենք. ասիկա կրնայ քիչ մը կոպիտ հնչել, բայց… Պատրաստ ենք պայքարելու բոլոր անոնց հետ, որոնք երբեւէ պիտի յանդգնին մեր պետականութիւնը, մեր ազգային արժէքները, մեր աւանդական արժէքները՝ ընտանիք, կրօն, եկեղեցի, ուսում եւ դպրոց վտանգել: Մենք թերեւս միակ քաղաքական ուժն ենք: Եթէ, մեզմէ բացի, այլ մէկը կայ, թող բերէ, ցոյց տայ, որ իր քաղաքական փաստաթուղթերուն մէջ կը խօսի հասարակական արդարութեան մասին, արժէք ստեղծելէ բացի՝ կը խօսի արժէքի վերաբաշխման մասին: Այսինքն՝ մենք այն ուժն ենք, որ թէ՛ Հայաստանի մէջ. Հայաստան ըսելով՝ նկատի ունիմ նաեւ Արցախը, թէ՛ Սփիւռքի մէջ պայքարած ենք եւ պիտի պայքարինք հայերու իրաւունքներուն համար: Մենք այն ուժն ենք, որ պայքարած է ճնշուածներու իրաւունքներուն, հասարակական  արդարութեան համար: Միակն ենք, եթէ կայ այդպիսին, խնդրեմ, անուն առ անուն թող նշեն», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement