ՀՅ Դաշնակցութեան Համամասնական Ցանկը Հաստատուած Է

By Asbarez | Friday, 16 November 2018

1115arf2

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հաստատեց ՀՅԴ համամասնական ցանկը: Առաջին եռեակին մէջ են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան եւ  գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան:

Համամասնական ցանկին մէջ ընդգրկուած են 152 անձեր, որոնցմէ 22ը անկուսակցական են:

Ստորեւ՝ ցուցակի առաջին տասնեակը.

  1. Ռուստամեան Արմէն Եզնակի, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար
  2. Համբարձումեան Արսէն Խաչիկի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ
  3. Խաչատրեան Արթուր Լեւոնի, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար
  4. Կիւրեղեան Արմենուհի Ստեփանի, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր
  5. Սէյրանեան Սպարտակ Արմենակի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր
  6. Մինասեան Արծուիկ Գարեգինի, տնտեսութեան նախկին նախարար
  7. Պետրոսեան Նունէ Աշոտի, ՀՀ ԱՍՀՆ ՀՀ ԲՍՓԳ մանկ. մասն. յանձնաժողովի նախագահ
  8. Սաղաթելեան Իշխան Վաչիկի, Գեղարքունիքի նախկին մարտզպետ, «Իմեգա Սերվիզ» ՍՊԸի հիմնադիր
  9. Սիմոնեան Աշոտ Ժորայի, Արագածոտնի նախկին մարզպետ
  10. Մանուկեան Սուրէն Սերժիկի, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր։

Ցանկը ամբողջութեամբ կարելի է տեսնել՝ այցելելով http://www.yerkir.am/news/view/160318.html կայքէջը։

Նշենք, որ 14 Նոյեմբերին, Դաշնակցութեան ընտրական ցանկը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յանձնեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Վահագն Մատինեան:

Ան նաեւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումերուն:

Ըստ Մատինեանի՝ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններէն ետք պիտի չգործէ իշխանութեան դաշտին մէջ, իսկ համախոհական կառավարութիւն կազմելու յուշագիր կնքելու մտադիր չէ:

«Ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը միշտ ձեւաւորւում են ընտրութիւններից յետոյ, բայց այս պահին, քանի որ իշխանութիւն չենք, տրամաբանական է, որ այդ դաշտում չենք գործելու: Որ պարագաներում որ կնքուել է յուշագիր, ամէն դէպքում եղել է իր բացատրութիւնը: Այս անգամ չեմ ուզում շտապել, բայց կարծում եմ, որ նման բան չի լինի, քանի որ արդէն յայտարարել ենք, որ այլեւս, եթէ չկայ Դաշնակցութեան կարիքը Աժում մեծամասնութիւն կազմելու, այդ պարագայում կօալիցիոն յուշագիր կնքելը դառնում է անիմաստ», ընդգծեց Վահագն Մատինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement