Հայաստան Բարելաւած Է Ռազմական Հզօրութեան Իր Վարկանիշը

By Asbarez | Friday, 30 November 2018

Untitled

ԵՐԵՒԱՆ.- Միջազգային Global Fire Power հետազօտական ընկերութիւնը հրապարակած է աշխարհի երկիրներու 2018ի վարկանշային ցանկը՝ ըստ ռազմական հզօրութեան մակարդակի:

Տուեալ ցանկը կը կազմուի մասնագէտներու կողմէ, որոնք նկատի կ՛առնեն 55 գործօններ իւրաքանչիւր երկրի համար: Այս տարի վարկանշային աղիւսակը ընդգրկած է 136 երկիրներ:

Հայաստան ռազմական հզօրութեան վարկանշային աղիւսակին վրայ գրաւած է 84րդ տեղը՝ նախորդ տարուան ցուցանիշը բարելաւելով 9 կէտով:

Նշենք, որ նոյն աղիւսակին վրայ Վրաստան կը գտնուի 82րդ հորիզոնականին վրայ, Ատրպէյճան՝ 53րդ, Թուրքիա՝ 9րդ:

Աղիւսակի առաջատար երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Գերմանիա:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement