Փաշինեան Եւ Ալիեւ Քննարկեցին Արցախի Հարցը

By Asbarez | Saturday, 08 December 2018

1208pashinian

ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ անդամ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ զրուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին յայտնեց Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի պետ Հիքմեթ Հաճիեւ:

«Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման եւ հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման շուրջ աշխոյժ բանակցութիւններու շարունակման հարցը, «Ազերթաժ» պետական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ Հաճիեւ՝ աւելցնելով, որ վերջին շրջանին շփման գիծի եւ պետական սահմանի երկայնքով յարաբերական անդորր կը տիրէ, որ «շատ լաւ նախադրեալ կը ստեղծէ հակամարտութիւնը կարգաւորելու վերաբերեալ առարկայական եւ բուռն բանակցութիւններ վարելու համար: Ասիկա բոլորովին պէտք չէ յանգեցնէ հակամարտութեան սառեցման կամ ներկայ անթոյլատրելի իրավիճակի  պահպանման»:

Հաճիեւ յայտնեց նաեւ, որ երկու երկիրներուն ղեկավարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «ձերբակալուած անձերու փոխանակման» հարցը:

Այս քննարկման անդրադառնալով, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յստակացուց, որ ինք Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում չէ ունեցած: Եղածը «ուղղակի շփում» էր: Ըստ անոր՝ Ալիեւի հետ ուղղակի զրուցած են, մասնաւորապէս՝ գերիներու փոխանակման հարցին շուրջ:

«Ցաւօք, համաձայնութեան չենք եկել, բայց քննարկումները կը շարունակենք, քանի որ իրենք առաջարկում են բոլորը՝ բոլորին: Բայց մենք այդտեղ խնդիր ունենք, Արցախի իշխանութիւնների հետ էլ պէտք է քննարկենք», նշեց Փաշինեան:

Ըստ Փաշինեանի՝ Ալիեւի հետ զրուցած են նաեւ բանակցային գործընթացի նախկին պատմութիւններէն, դրուագներէն, եւ այլն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement